Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Մոսկուա Կը Հերքէ. Էրտողան. «Մոսկուա Պիտի Ստիպուի Կրել Հետեւանքները, Եթէ Շարունակէ Ոտնահարել Թուրքիոյ Գերիշխանութիւնը»

Փետրուար 1, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան
Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մեկնաբանելով այն լուրը, թէ ռուսական պատերազմական օդանաւ մը ոտնահարած է Թուրքիոյ օդային տարածքը, նշեց. «Եթէ Ռուսիա շարունակէ ոտնահարել Թուրքիոյ գերիշխանութիւնը, ապա ստիպուած պիտի ըլլայ կրելու ատոր հետեւանքները: Հակառակ ռուսերէնով եւ անգլերէնով զգուշացումին` այդ ոտնահարումը տեղի ունեցաւ շրջանին մէջ ճգնաժամը մագլցումի մղելու ձգտող Մոսկուայի ջանքերուն իբրեւ հետեւանք»:

Ան Հարաւային Ամերիկա շրջապտոյտի մը ծիրին մէջ Չիլի մեկնելէ առաջ Պոլսոյ Աթաթուրք միջազգային օդակայանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ ռուսական պատերազմական օդանաւին կողմէ Թուրքիոյ օդային տարածքի ոտնահարումը ՕԹԱՆ-ի օդային տարածքի ոտնահարում մըն է` աւելցնելով, որ ՕԹԱՆ այս հարցին կը հետեւի:

Էրտողան ըսաւ, որ այսպիսի անպատասխանատու արարքներ ո՛չ Ռուսիոյ նպաստաւոր են, ո՛չ ՕԹԱՆ-ի հետ անոր յարաբերութիւններուն, ո՛չ ալ շրջանային ու միջազգային խաղաղութեան եւ վտանգաւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ` նշելով, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ իր մօտ կանչած է Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը եւ անոր փոխանցած խիստ ոճի բողոք մը:

«Սուրիոյ մէջ մեր սահմաններուն մօտիկ եղող շրջաններուն դէմ քաղաքային թիրախներու դէմ յարձակումներու շղթայազերծումը մեզ կը մտահոգէ: Յստակ է, որ շրջանին մէջ ռուսական գործողութիւնները ահաբեկչութեան դէմ պայքարին հետ կապ չունին, այլ ամբողջովին վերածուած է սուրիական վարչակարգը պահելու ձգտող ջանքերու», ըսաւ ան: Էրտողան նշեց, որ Ռուսիա կը ռմբակոծէ մասնաւորաբար հիւսիսային Լաթաքիոյ գիւղական շրջանին մէջ գտնուող թիւրքմէններով բնակուած շրջանները: Ան աւելցուց, որ նշեալ շրջաններէն երեք հազար մարդիկ կ՛ապաստանին Թուրքիա, եւ այժմ աշխատանք կը տանի զանոնք բնակեցնելու:

Խօսելով Ժընեւի բանակցութիւններուն մասին` Էրտողան ըսաւ, որ իր երկիրը Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը կը նկատէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը եւ ատոր հետ չի կրնար մէկ սեղանի վրայ նստիլ: Ան նաեւ նշեց, որ իրենք յստակ տեղեկութիւններ ունին, թէ Մոսկուա ՔԱԿ-ին կ՛աջակցի:

Էրտողան յայտնեց, որ ինք ջանք կը թափէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպում մը ունենալու: Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին. «Մոսկուա Էրտողանը չի նկատեր երկխօսութեան գործընկեր մը»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշինքով հերքեց այն տեղեկութիւնը, թէ ռուսական օդանաւ մը ոտնահարած է Թուրքիոյ օդային տարածքը:

Նշենք, որ Փենթակոն Ռուսիոյ կոչ ուղղեց յարգելու Թուրքիոյ օդային սահմանը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին նշեց, որ եթէ դէպքը կրկնուի, ապա իրենք պիտի հակադարձեն:

Նախորդը

Սէուտական Միջնորդութիւն` Անգարայի Եւ Գահիրէի Միջեւ. Անգարան Ու Ռիատը` Ընդդէմ Թեհրանի

Յաջորդը

3 Պայթումներ Հարուածեցին Սայիտա Զէյնապ Շրջանը

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?