Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԽԽՎ-ի Նոր Նախագահը Կաշառքներ Ստանալով` Աչք Փակած Է Ազրպէյճանի Խախտումներուն Դիմաց

February 1, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փետրօ Ակրամունթ
Փետրօ Ակրամունթ

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանի առաջին օրը` 25 յունուարին, կատարուեցաւ վարչական կազմի ընտրութիւն ու ԵԽԽՎ-ի նոր նախագահի պաշտօնը ստանձնեց սպանացի երեսփոխան Փետրօ Ակրամունթ:

Եւրոպական մամուլը Ակրամունթի ընտրութենէն անմիջապէս ետք օրակարգի նիւթ դարձուց այն իրողութիւնը, որ նոր նախագահին անունը շրջանառութեան մէջ եղած էր, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին հետ կաշառակերութեան կապերու պատճառով: Կը յիշուի, որ սպանացի երեսփոխանը այն օրերուն, երբ Ազրպէյճանի գծով համազեկուցող էր ԵԽԽՎ-ի մէջ, աչք փակած էր երկրին մէջ առկայ քաղաքական բռնաճնշումներուն նկատմամբ, քանի որ կաշառք ստացած էր Իլհամ Ալիեւի վարչակազմէն:

Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» կայքը կը գրէ, որ Ակրամունթ թանկարժէք նուէրներու դիմաց «չէր տեսներ» Ազրպէյճանի մէջ առկայ իրաւանց ոտնակոխումները եւ քաղաքական բռնաճնշումները: Թերթը կ՛անդրադառնայ նաեւ Ուքրանիոյ ճգնաժամին հետ կապուած Ակրամունթի երկակի ու հակասական յայտարարութիւններուն եւ Ազրպէյճանի կողմէ երկար ժամանակ իրագործուած «խաւեարային դիւանագիտութեան»:

«Քանի մը տարի առաջ, «Եւրոպայի կայունութեան նախաձեռնութիւն» կազմակերպութիւնը Ակրամունթը մեղադրած է կաշառակերութեան գործողութիւններու ամբաստանութեամբ: Կազմակերպութիւնը Փետրօ Ակրամունթը ներկայացուցած էր իբրեւ մէկը ԵԽԽՎ-ի այն երեք երեսփոխաններէն, որոնք ուրախութեամբ կ՛օգտուէին Ազրպէյճանի «խաւեարային դիւանագիտութենէն»: «Խաւեարային դիւանագիտութիւն» եզրը առաջին անգամ գործածուած է Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ «Եւրոպայի կայունութեան նախաձեռնութիւն» կազմակերպութեան տեղեկագիրին մէջ: Խօսքը այն մասին էր, թէ ինչպէ՛ս պաշտօնական Պաքուն, մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներուն դիմաց աչք փակելու համար, թանկարժէք նուէրներով կը լռեցնէր Եւրոպական խորհուրդը: Այդ ժամանակ Ազրպէյճանի գծով ԵԽԽՎ-ի համազեկուցողն էր Ակրամունթ, որ կը գովէր Ալիեւի վարչակարգին քայլերը` անտեսելով այդ երկրին մէջ քաղաքական ճնշումները եւ մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումները», կը գրէ «Տէօչէ Վելլէ»-ն:

Նախորդը

Համակարգչահէններ Կը Խափանեն «Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքի Աշխատանքները

Յաջորդը

Վրաստան Ազրպէյճանի Ականանետներ Վաճառած Է

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.