Իւրաքանչիւր տարուան Բուն բարեկենդանը կանխող կիրակիին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարէ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սուրբ ուխտին ճամբով Աստուծոյ, հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին իրենց ծառայութիւնը մատուցած եւ առյաւէտ բաժնուած երջանկայիշատակ հայրապետներուն ու հոգելոյս միաբան հայրերուն յիշատակին:
Կիրակի, 31 յունուար 2016-ի առաւօտուն, Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, դպրեվանքի ուսանողներէ եւ միաբան հայրերէ կազմուած հայրապետական թափօրը, ժողովուրդին ընկերակցութեամբ, առաջնորդուեցաւ Մայր տաճարին կից գտնուող «Զարեհեան յուշարձան-դամբարան»-ը, ուր ամփոփուած են անթիլիասական շրջանին գահակալած հայրապետներուն եւ ծառայած միաբաններուն աճիւնները: Հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս:
Հոգեհանգստեան այս պաշտօնը առիթ մը հանդիսացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամներուն յիշելու իրենց նախնիները, վերանորոգ թափով շարունակելու անոնց ազգային առաքելութիւնը եւ հաւատարիմ մնալու անոնց աստուածադրոշմ կտակին: