Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբապատկերներու Օծում` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

February 1, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

St-Nechan_013116Երէկ` կիրակի, 31 յունուար 2016-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:  Պատարագի ընթացքին սրբազանը օրհնեց եւ սրբալոյս միւռոնով օծեց բարերարի մը կողմէ եկեղեցւոյ նուիրուած Ս. Ներսէս Շնորհալիի եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի սրբապատկերները, որոնք աշխատանքն էին հայրենի գեղանկարիչ Մարատ Մարգարեանի:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ ներկայիս մեր ընկերութեան մէջ բացակայ է հաւատքի ու ճշմարտութեան ճանաչողութիւնը եւ մեր ապրած կեանքի եղանակը հեռու է ճշմարիտ աստուածապաշտութեան ընթացքէն, որովհետեւ ժամանակակից  մեր ընկերութեան համար զԱստուած պաշտելը կիրակնօրեայ ժամանց մըն է` սահմանափակ տեւողութեամբ:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, թէ մենք` իբրեւ Քրիստոսի հետեւորդներ եւ Աստուծոյ ծառաներ, այս աշխարհի մէջ ունինք առաքելութիւն մը, որ միայն մեր անձերը սրբելու, մաքրելու եւ փրկելու մէջ չի կայանար, այլ առաւելաբար ուրիշներու հանդէպ մեր ունեցած պարտականութիւններով կ՛իրականանայ: «Մենք ալ Աստուծոյ կողմէ կոչուած ենք, որպէսզի մարդոց բերենք հաւատքի ու ճշմարտութեան ճանաչողութիւն», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ մենք ալ պէտք է մարդոց յիշեցնենք, թէ կեանքին մէջ  հաւատքն ու ճշմարտութիւնը պատահականօրէն գոյութիւն չեն ունենար եւ ոչ ալ կ՛ապրուին, այլ անոնք կ՛արտայայտուին, երբ իսկապէս մեր ապրելակերպը Աստուծոյ ճանաչողութեան ընթացքի մը կը վերածուի: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ մենք երկրաւոր մեր գոյութեան ընթացքին պատահականօրէն իրաւունք չունինք վարուելու մեր կեանքին եւ շրջապատին հետ` աւելցնելով, որ մեր եկեղեցին մեզ կը  քաջալերէ, որպէսզի սթափինք արդի կեանքի պատճառած հարցերէն  եւ անդրադառնանք, որ կեանքը պատահականօրէն չ՛ապրուիր եւ քրիստոնեան չի կրնար քրիստոնեայ մնալ այս աշխարհին մէջ, եթէ իսկապէս ինքզինք Աստուծոյ պաշտամունքին չընծայէ շարունակաբար` իբրեւ կեանքի կայուն վիճակ:

Առաջնորդ սրբազանը օրինակ բերելով Պօղոս Առաքեալի խօսքը, որ կ՛ըսէ, թէ աշխարհի մէջ առաքելութեան պարտականութիւն ունի, որպէսզի հաւատքի եւ ճշմարտութեան առաջնորդէ Աստուծոյ ժողովուրդը, յայտնեց, թէ Պօղոս առաքեալի օրինակով մենք ալ պէտք է ըսենք, թէ աշխարհին մէջ պարտականութիւն ունինք մեր անձերը եւ շրջապատը տանելու դէպի հաւատքի զօրացում եւ ճշմարտութեան գիտութիւն, նաեւ պարտականութիւն ունինք մարդոց յիշեցնելու, թէ անցաւոր այս կեանքէն անդին Աստուած կայ ու կը մնայ:

 

Նախորդը

Համազգայինի «Կոմիտաս» Մասնաճիւղ. «Հայ Դաշնամուրային Արուեստի Պատմութիւն» Նիւթով Երաժշտական-Դասախօսական Երեկոյ

Յաջորդը

Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Ի Յիշատակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երջանկայիշատակ Հայրապետներուն Եւ Հոգելոյս Միաբաններուն

RelatedPosts

Բագրատունի. «Չենք Մոռցած Ու Չենք Կրնար Մոռնալ  Ցեղասպանութիւնը, Նոյնիսկ Եթէ Հայաստանի Պետութիւնը  Վաղը Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութիւն Կնքէ»
Գաղութային

Բագրատունի. «Չենք Մոռցած Ու Չենք Կրնար Մոռնալ Ցեղասպանութիւնը, Նոյնիսկ Եթէ Հայաստանի Պետութիւնը Վաղը Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութիւն Կնքէ»

January 23, 2026
ՀԵՀՈՄ-ի 60-Ամեակի Նշում Եւ Անոր Ձօնուած Յուշամատեանին Շնորհահանդէս
Գաղութային

ՀԵՀՈՄ-ի 60-Ամեակի Նշում Եւ Անոր Ձօնուած Յուշամատեանին Շնորհահանդէս

January 23, 2026
Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին.  Լիբանանի Ազգային Վարժարաններուն Ի Նպաստ Հանգանակուեցաւ 350.400 Ամերիկեան Տոլար
Գաղութային

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին. Լիբանանի Ազգային Վարժարաններուն Ի Նպաստ Հանգանակուեցաւ 350.400 Ամերիկեան Տոլար

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.