Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունուար Դ. Մեր Գոյութեան Հիմքը Հայոց Բանակն Է

January 30, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

panag_013016

28 յունուարը հայոց բանակին տօնն է:

Հայ ժողովուրդը պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն, ստեղծելով հանդերձ հարուստ մշակոյթ, միշտ կարեւոր ու առաջնահերթ համարած է հայրենի հողին պաշտպանութիւնն ու սերունդներուն ռազմահայրենասիրական դաստիարակութիւնը: Մեր ժողովուրդի պատմութեան յաղթական էջերը արձանագրուած են հայ սպարապետին, հայ մարտիկին, հայ ֆետայիին, հայ կամաւորին, իսկ անկախ պետականութեան կերտումով` հայոց բանակին շնորհիւ:

Հայոց բանակի զինուորը իր մարտունակութեամբ գերազանցած է զինուորական հսկայ կարողութիւններու տէր թշնամի բանակն անգամ եւ յաղթանակած անհաւասար կռուի մէջ` շնորհիւ իր հայրենասիրութեան, արիութեան ու մանաւանդ մեր ժողովուրդի ապագային ու արդար դատին նկատմամբ կուռ հաւատքին:

Անկախ Հայաստանի ու Արցախի սահմանները անառիկ պահող հայոց բանակն է մեր հայրենիքի պաշտպանութեան, ժողովուրդի անվտանգութեան ու բարօրութեան, պետականութեան յառաջընթացի հիմնական երաշխիքը: Պետութիւն եւ բանակ հասկացողութիւնները անքակտելիօրէն կապուած են իրար ու դժուար թէ մէկը գոյատեւէ առանց միւսին:

Ուստի կը խոնարհինք հայոց բանակի  զինուորին դիմաց, ու ո՛չ միայն զինուորին, այլ նաեւ առիւծածին հայ մայրերուն, հայրենի մեր ժողովուրդին, որոնք ծնունդ կու տան քաջարի սերունդներու ու զանոնք կը նուիրաբերեն հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին:

Հպարտութեամբ կ՛արձանագրենք, որ ազգային շունչով տոգորուած հայոց բանակը այսօր տարածաշրջանի ամէնէն մարտունակ եւ  արհեստավարժ բանակն է` մեր ազգային հպարտութիւնը:

Սուրիահայերս, ապրելով սուրիական պատերազմի ճիրաններուն մէջ ու տեսնելով բանակցութիւններէն, երկխօսութիւններէն անդին սուրիական քաջարի բանակին մարտնչումները, առաւել եւս կը հաւատանք, որ երկրի ամրակուռ ու գաղափարապաշտ բանա՛կն է միայն, որ իր սուրբ արեամբ կը պաշտպանէ հայրենի հողը, թաւալգլոր դիւանագէտները կը ստիպէ անսալ ժողովուրդին կամքին ու ձախողութեան կը մատնէ քաղաքական բեմերու վրայ իր հայրենիքին դէմ հիւսուող անհամար դաւերը:

Մեր հայրենիքի սահմաններուն մէջ եւս կիսապատերազմական վիճակ կը տիրէ, ազերիական յարաճուն դաւերուն, թրքական շրջափակման յարուցած բազում մարտահրաւէրներուն դիմաց հայկական ճակատը կը պաշտպանէ նժդեհեան ուխտով տոգորուած հայոց ամրակուռ բանակը:

Այսօր, որպէս սփիւռքահայեր ու մանաւանդ հնգամեայ դաժանագոյն պատերազմը ապրած սուրիահայեր` ներշնչուելով կը խոնարհինք հայոց բանակին դիմաց, որ արիութեամբ կը նուաճէ հայ ժողովուրդին ապրելու իրաւունքը, որպէսզի հայ մարդը գոյատեւէ ու ստեղծագործէ ազատ ու անկախ երկնքի տակ, որպէսզի հայ մանուկը հասակ նետէ խաղաղ միջավայրի մէջ:

Հայոց բանակի ձեռքբերումներուն դիմաց խոնարհելու կողքին կոչուած ենք սփիւռքահայ մեր երիտասարդութեան գիտակցութեան մէջ  եւս վառ պահելու հայ զինուորին խիզախութեամբ  հայրենիքին ծառայելու գիտակցութիւնը, որպէսզի հայրենասիրութիւնը չսահմանափակուի հայրենիքին սոսկ նիւթապէս եւ բարոյապէս  նեցուկ կանգնելու յանձնառութեամբ, Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու հրճուանքով, այլեւ ամրապնդուի այդ քաղաքացիութեան յարիր նուիրաբերումով, հայոց բանակին ծառայելու յանձնառութեամբ` հայրենի հողին վրայ, հայ զինուորին հետ կողք-կողքի:

Որովհետեւ կը հաւատանք, որ հայոց բանակը ազգային գերագոյն արժէք  ըլլալով հանդերձ, մեր հայրենասիրութեան, անկախ ու միացեալ հայրենիքի մեր տեսլականին, մեր  յոյզերուն մարմնացումն է:

Զ. Պ.

Նախորդը

Շնորհաւորենք Ու Խոնարհինք

Յաջորդը

Խմբագրական «Դրօշակ»-ի. Գործընթացի Մէ՞ջ, Թէ՞ Գործընթացից Դուրս

RelatedPosts

Քեսապն… Ու Հեղեղները
Անդրադարձ

Քեսապն… Ու Հեղեղները

November 11, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Հայ Կեանք Եւ Մասամբ Նորին…

November 11, 2026
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Սփիւռքը Եւ «Անդրազգ» Եզրոյթի Հարցականները

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.