Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ու Պետական Անմոռանալի Դէմք Մը` Տոքթ. Սերվիչէն (Ծննդեան 200-Ամեակին Առիթով)

Յունուար 30, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

servicen-4_013015

Խօսքը կը վերաբերի զտարիւն հայ բժիշկի մը` ԺԹ. դարէն:

Մտովին գացէք մինչեւ 140, 150 կամ 160 տարի ետ: Պահ մը ենթադրեցէք, թէ կ՛ապրիք Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաք Կ. Պոլսոյ մէջ: Ուսումնատենչ երիտասարդ մըն էք ու կը փափաքիք բժշկութիւն ուսանիլ: Ձեր ապրած քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի Կայսերական բժշկական վարժարանը («Մէքթէպի Թըպպիյէի  Ատլիյէի  Շահանէ»), հիմնուած` 1839-ին: Հո՛ն արձանագրուեցաք ու սկսաք հետեւիլ դասերուն: Ձեր դիմաց պիտի գտնէք մեծաթիւ հայ դասախօսներ, որոնք պարծանքն էին հայ համայնքին` տոքթ. Պօղոս Զոհրապեան (տեսական եւ գործնական ծննդաբերութիւն), տոքթ. Յակոբ Տավուտեան (կազմախօսութիւն եւ դիահերձութիւն), տոքթ. Գասպար Սինապեան (ախտաբանութիւն),  Աբրահամ Սագայեան (բժշկական գծագրութիւն), տոքթ. Ստեփան փաշա Ասլանեան (վիրաբուժութիւն), տոքթ. Նահապետ Ռուսինեան (բժշկական փիլիսոփայութիւն), տոքթ. Միքայէլ փաշա Խորասանճեան (դարմանաբանութիւն), տոքթ. Յովսէփ Նուրիճան (բժշկութեան պատմութիւն), տոքթ. Անդրանիկ փաշա Կռճիկեան (բժշկական բնագիտութիւն) եւ այլն, եւ այլն:

Ու այս բոլոր անուններուն կողքին, երիցագոյն բժիշկներէն մին` տոքթ. Սերվիչէն, բուն անունով` Սերովբէ Վիչէնեան:

Այս անունը անծանօթ չէ ձեզմէ շատերուն:

Ամէն անգամ որ խօսք բացուի 1863-ի մեր Ազգ. սահմանադրութեան մասին, մի՛շտ կը յիշատակուի Սերվիչէնը` որպէս այդ սահմանադրութեան գլխաւոր կերտիչներէն մին` Գրիգոր Օտեանի, Նահապետ Ռուսինեանի, Նիկողայոս Պալեանի եւ քանի մը ուրիշ յառաջադէմ անձնաւորութիւններու հետ միասին:

Բայց  Սերվիչէն մեծանուն բժիշկ մըն էր ամէն բանէ առաջ:

Կ՛անդրադառնամ, թէ իր ծննդեան 200-ամեակն է այս տարի, ու պահը յարմար է անկասկած` սեւեռումի ենթարկելու անոր կեանքն ու վաստակը, մասնաւորաբար վեր առնելով ազգային ու պետական շրջանակներէ ներս իր բերած վիթխարի ծառայութիւնները, որոնք լուսապսակ մը հիւսեցին իր գլխուն վերեւ ու զինք դարձուցին ԺԹ. դարու ամէնէն երեւելի հայորդիներէն մին:

***

Սերվիչէն բնիկ պոլսեցի էր, ծնած` 1815-ին: Իր պապերը Փոքր Ասիայէն շատո՜նց Պոլիս հաստատուած սեղանաւորներ (լումայափոխ) եղած էին: Հայրը` Սարաֆօղլու աղա Վիչէն շատ մօտիկ կապեր ունեցեր էր համբաւաւոր Պէզճեան Յարութիւն ամիրային հետ, եղեր էր անոր գործակիցներէն մին:

Պատանի Սերովբէն, որ իր ծնողաց եօթներորդ զաւակն էր, նախակրթութիւնը ստացաւ Սկիւտարի թաղային դպրոցին մէջ: Կը պատմուի, թէ օր մը երբ Պոլսոյ Կարապետ Պալաթցի ու Երուսաղէմի Պօղոս Ադրիանուպոլսեցի պատրիարքները միասնաբար այցելութիւն մը կու տային այս համեստ դպրոցը, աշակերտներուն մէջէն Սերովբէին խելացի պատասխանները կը հմայեն զիրենք: Ու Պօղոս պատրիարք իր աջը դնելով անոր գլխուն` առանձինն «Պահպանիչ» կը կարդայ…: Մե՜ծ մրցանակ մըն էր ասիկա 12-13 տարեկան այն տղեկին համար, որ ապագայ տոքթ. Սերվիչէնը պիտի դառնար:

Ծնողները նախանձախնդիր էին, որ իրենց մանչը ստանար հիմնաւոր կրթութիւն մը: Ուստի, անձնական դասեր աւանդելու հրաւիրեցին ժամանակաշրջանի նշանաւոր հայկաբաններէն պատուելի Յովհաննէս Եզէկեանն ու ֆրանսացի մասնաւոր ուսուցիչ մը, որոնց մնայուն հսկողութեամբ, Սերովբէ կատարելապէս տիրապետեց թէ՛ իր մայրենի լեզուին, թէ՛ ֆրանսերէնին:

1834-ին, երբ 19 տարեկան էր, Սերովբէ Վիչէնեան Փարիզ մեկնեցաւ` բժշկութիւն ուսանելու հաստատ որոշումով: Արձանագրուեցաւ տեղւոյն բժշկական համալսարանը` դառնալով այդ գիտական հաստատութեան առաջին հայ ուսանողներէն մին: Հինգ տարի կանոնաւոր կերպով հետեւեցաւ դասընթացքներուն եւ բժշկական գործնական փորձարկութիւններուն: Բայց նախընտրեց իր վկայականն ստանալ Իտալիոյ Փիզա քաղաքէն` ապաւինելով իր իտալագիտութեան: Հետեւաբար 1839-ին հո՛ն մեկնեցաւ ու տարի մը յետոյ տեղւոյն հռչակաւոր բժշկական համալսարանէն վկայուեցաւ` հարկաւոր քննութիւնները յաջողութեամբ յանձնելէ ետք:

Նորընծայ բժիշկը, այնուհետեւ, մտադրեց մասնագիտանալ: Ուստի, Փարիզ վերադառնալով` երկու տարի աշխատեցաւ տեղւոյն հիւանդանոցներուն մէջ` մասնագիտանալով միզախտաբանութեան կալուածին մէջ:

27 տարեկան խանդավառ ու երիտասարդ բժիշկ մըն էր, երբ տոքթ. Սերվիչէն Կ. Պոլիս վերադարձաւ 1842-ին: Մայրաքաղաքին մէջ իր աստղը փայլեցաւ շա՛տ շուտով: Հիւանդներ շարան-շարան կարգի կը սպասէին տոքթ. Սերվիչէնէն դարմանուելու համար… Մանաւանդ որ այդ տարիներուն օսմանեան մայրաքաղաքին բժշկութիւնը մնացեր էր «շաղփաղփ (դատարկախօս) իտալացիներու եւ բախտախնդիր հրեաներու» ձեռքը (բնութագրումը տոքթ. Վահրամ Թորգոմեանինն է, Սերվիչէնի կենսագիրը):

Շատ չանցած` կայսերական հրամանով ան բժշկապետ նշանակուեցաւ պատերազմական նախարարութեան մօտ (զինուորական հիւանդանոց): Անդրանիկ պետական պաշտօնն էր այս, որուն կը կոչուէր Սերվիչէն, եւ ուր պիտի ծառայէր ամբողջ 40 տարի` մեծ նուիրումով ու ձեռնհասութեամբ:

Սերվիչէն (այսպէս կը կոչէին զինք` իր անունին ու մականունին առաջին վանկերուն միացումով) սովորական բժիշկէ մը շա՛տ աւելին էր: Այդ պատճառով ալ 1846-ին հրաւիրեցին զինք դասախօսի պաշտօն ստանձնելու Կալաթասարայի զինուորական թեքումով Կայսերական բժշկական վարժարանին մէջ, որ այդ օրերուն ունէր 450-ի չափ ուսանողներ: Այս պատուաբեր դիրքին վրայ մնաց ան ամբողջ 30 տարի` ճարտարօրէն աւանդելով օրէնսդրական բժշկութիւն (Médecine légale) եւ ներքին ախտաբանութիւն (Pathologie interne): Հոս, բոլոր դասաւանդութիւնները, մինչեւ 1869 թուականը, կը կատարուէին ֆրանսերէն լեզուով: Իսկ Սերվիչէնի ֆրանսերէն պերճախօսութիւնն ու փիլիսոփայական հմտութիւնը անվիճելի էր:

Տոքթ. Սերվիչէն հանդիսացաւ Թուրքիոյ ԱՌԱՋԻՆ բժշկական թերթին` ֆրանսերէն «Կազեթ մետիքալ տէօ քոնսթանթինոփլ»-ի հիմնադիրը, 1849-ին: Այս նախաձեռնութիւնը իրականացաւ սուլթանական բարձրագոյն հրամանով ու պատուէրով: Հայ բժիշկը այս պարբերականին պատասխանատու տնօրէնի ու խմբագրի պաշտօնը վարեց երեք տարի, մինչեւ անոր փակումը 1852-ին:

Քանի մը տարի անց, 1856-ին, Սերվիչէն իր դրոշմը թողուց ուրի՛շ նախաձեռնութեան մը վրայ ալ: Ան հիմնադիրներէն մին եղաւ Կայսերական բժշկական ընկերութեան («Ճէմիյէթի Թըպպիյէի Շահանէ»), որուն երդիքին տակ համախմբուեցան թուրք, հայ, յոյն եւ օտարազգի անուանի բժիշկներ: Սերվիչէն այս ընկերութեան նախագահ ալ ընտրուեցաւ երկիցս (1858-59 եւ 1865-66): Շուտով, երբ նոյն այս ընկերութիւնը սկսաւ լոյս ընծայել իր ֆրանսերէն պաշտօնաթերթը` «Կազեթ մետիքալ տ՛Օրիան»-ը, Սերվիչէն խմբագիր նշանակուեցաւ ատոր ու հոն ստորագրեց բժշկագիտական սքանչելի յօդուածներ, որոնք Եւրոպայի մէջ անգամ բարձր գնահատանքի արժանացան:

Սերվիչէն մասնակից ու դերակատար էր մեծ ու փոքր բոլոր այն նախաձեռնութիւններուն եւ շարժումներուն մէջ, որոնք կ՛առնչուէին օսմանեան մայրաքաղաքին առողջապահական կամ բժշկական մարզերուն:

Օրինակ, շրջան մը ան նախագահեց  Պոլսոյ Քաղաքային բժշկական բարձրագոյն խորհուրդին` պայքար մղելով քաղաքը վարակած քոլերայի համաճարակին դէմ:

Իր մէկ այլ կարեւոր ներդրումն ալ առնչուեցաւ Թուրք կարմիր մահիկին («Հիլալի-Ահմէր»): Արդարեւ, 1877-ին երբ կը սաղմնաւորուէր այս կարեւոր կազմակերպութիւնը ազնուական հայու մը` տոքթ. Տիգրան փաշա Փէշտիմալճեանի ազդու ջանքերով, Սերվիչէն ոչ միայն աշխուժ մասնակցութիւն բերաւ նորահիմն կազմակերպութեան հիմնադիր ժողովներուն, այլեւ անդամ ընտրուեցաւ անոր անդրանիկ վարչութեան ալ:

Սերվիչէն իր անունը կապեց նաեւ պետական ուրիշ նախաձեռնութիւններու:

Իրեն կը վերագրուի դեղագործներու եւ դեղարաններու վերաբերեալ այն պաշտօնական կանոնագրութիւնը, որ Պոլսոյ մէջ հրապարակուեցաւ 1861-ին, եւ որ կը սահմանէր սեփական դեղարաններու գործունէութեան ծիրն ու օրէնքները:

Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի կողմէ, 1877-ին, տոքթ. Սերվիչէն անդամ նշանակուեցաւ նորակազմ օսմանեան ծերակոյտին («Հէյէթի Այան»), որ խորհրդարանին կից` երեւելի դէմքերէ բաղկացած օրէնսդիր մարմին մըն էր:

Ան դերեր ստանձնեց նաեւ պետական պաշտօնէից վիճակագրութեան («Սիճիլի Ահվալ») յանձնաժողովին ու Հանրային կրթութեան խորհուրդին մէջ ալ:

Այսպիսի պաշտօններ, բնականաբար, ընկերային բարձրամակարդակ շրջանակներու հետ անմիջական շփման մէջ կը դնէին ենթական: Հետեւաբար զարմանալի չէր, որ Սերվիչէն դառնար փնտռուած մտերիմն ու անձնական բժիշկը  իրերայաջորդ սատրազամներ (վարչապետ) Ալի, Ռեշիտ եւ Ֆուատ փաշաներուն: Եւ ի զուր չէր, որ սուլթանը անոր կուրծքը պիտի  զարդարէր կայսերական շքանշաններով…

(Շար. 1)

 

 

Նախորդը

Ցուրտ Շրջաններու Բնակիչները

Յաջորդը

Հայ Ազատամարտիկն Իր Ձեռքով Գծեց Արցախի Սահմանները. Արթուր Աղաբեկեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?