Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոլլանտ Պիտի Մասնակցի Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Ընթրիքին

January 27, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆրանսուա Հոլլանտ
Ֆրանսուա Հոլլանտ

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնական կայքը, կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ 28 յունուարի երեկոյեան պիտի մասնակցի Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին:

Ընթրիքին Հոլլանտի մասնակցութիւնը ընդգրկուած է անոր պաշտօնական օրակարգին վրայ:

Ընթրիքը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի «Լ՛Օթել տիւ Քոլեքսիոնէօր»-ի մէջ: «Նուվել տ՛Արմենի» կը հաղորդէ, որ ձեռնարկին կազմակերպիչները յայտարարած են, որ ընթրիքը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահին բարձր հովանաւորութեամբ: Ըստ Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին, Ֆրանսայի նախագահի քանի մը  նախարարներու ուղեկցութեամբ մասնակցութիւնը ընթրիքին կը վկայէ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու եւ վերապրածներու ժառանգորդներուն նկատմամբ Ֆրանսայի յարգանքին եւ ֆրանսահայերը պետական կառոյցներուն մէջ ներգրաւելու ու ամրապնդելու շարունակական յանձնառութեան մասին:

Ընթրիքի ընթացքին պիտի քննարկուին Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցած ձեռնարկներուն, ժխտողականութեան դէմ պայքարին, անվտանգութեան եւ մարդու իրաւունքներուն, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Միջին Արեւելքի մէջ հայերու խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:

Ընթրիքին պիտի մասնակցին բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ, հասարակական դէմքեր, արուեստագէտներ, ներառեալ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուր, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ Ֆրանսայի այլ համայնքներու, որոնք տուժած են ցեղասպանութենէն:

Հոլլանտ նախորդ տարի եւս մասնակցած էր Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին:

 

Նախորդը

Ճօ Պայտըն Հանդիպած Է Ռաքել Տինքին

Յաջորդը

Լաւրով Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման «Լաւրովեան Առաջարկ»-ը Բացատրած Է

RelatedPosts

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
5 Հոկտեմբերէն Դեսպանատուներու Միջոցով Հայաստանի Անցագիրի Ծառայութիւնը Ժամանակաւորապէս Պիտի Դադրեցուի
Հայկական

5 Հոկտեմբերէն Դեսպանատուներու Միջոցով Հայաստանի Անցագիրի Ծառայութիւնը Ժամանակաւորապէս Պիտի Դադրեցուի

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.