Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 26, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ կէս գիշերին Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալներուն կողմէ դէպի Լիբանան ներթափանցելու փորձ մը արգիլեց: Զինեալ ահաբեկիչները փորձած էին Մասիատա եւ Ուատի Հոսըն կեդրոններէն մուտք գործել Լիբանան:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ Մեհրապի հանդիպումը լաւ է եւ անոր կարիքը կայ, պայմանաւ որ սակայն անիկա ընտրական շահերէ վեր ըլլայ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Իսլամական երկիրներու համադաշնակցութեան խորհրդաժողովին ընթացքին որդեգրած Լիբանանի կեցուածքը չէր համադրած վարչապետին հետ: Նոյն աղբիւրները աւելցուցին, որ Սալամի կարծիքով, այդ խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանանը ինքզինք չէզոք պահելու կարիք չունէր:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Ռիատ Թապպարա շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով միջազգային հաւանութիւններ տակաւին չեն յայտնուած:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ կառավարութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու առումով համաձայնութեան նշոյլներ կան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալի Քանսօ շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առումով տակաւին յստակ պատասխաններ չկան, որովհետեւ շրջանային տագնապի լուծման հոլովոյթին շուրջ անորոշութիւն գոյութիւն ունի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը լրիւ անիմաստ դարձած է:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոն ուղղուեցաւ Փարիզ` փոխանցելու համար Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ շեշտած են, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ իրենց յարաբերութիւնները զերոյէն վար աստիճանի հասած են:

ԸՍՏ «Հայաթ» օրաթերթին, Հըզպալլա ճնշում պիտի չբանեցնէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի վրայ, որպէսզի ան զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարուան Համատէ նշեց, որ իրենք բազմիցս զգուշացուցած են Հըզպալլան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ցանցերը ընդարձակելէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլայի զէնքը շատ վտանգաւոր է եւ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ քաղաքական տարբեր երեւոյթներուն վրայ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը պէտք է ըմբռնէ, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախագահական ընտրութեան մրցակցութենէն պիտի չհրաժարի, նոյնիսկ եթէ բոլորը լքեն զինք:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական ընտրութեան առումով գնդակը կը գտնուի Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն, յատկապէս Հըզպալլայի դաշտին վրայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր հաստատեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առումով Իրան թերացում եւ յապաղում կ՛արձանագրէ`  նկատի ունենալով, որ ան աւելի առաջնահերթ պարտականութիւններ ունի: Ան նշեց նաեւ, որ միջմարոնիական մերձեցումը լիբանանեան քաղաքական ոչ մէկ ուժ պէտք է ընդվզեցնէ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ պիտի շարունակէ իր թեկնածութիւնը, նոյնիսկ եթէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իրմէ պահանջեն յետս կոչել զայն:

 

Նախորդը

Տը Միսթուրա. «Ժընեւի Բանակցութիւնները Պիտի Սկսին 29 Յունուարին»

Յաջորդը

Ուահապ. «Սէյիտ Նասրալլա Զօր. Աունին Չի Դաւաճաներ, Իսկ Ժահժահ Քաղաքական Հակառակորդ Է Եւ Ոչ Թէ Թշնամի»

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?