
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա յայտարարեց, որ Ժընեւի մէջ Սուրիոյ շուրջ բանակցութիւնները ընթացք պիտի առնեն 29 յուլիսին եւ երկարին 6 ամիսներու վրայ: Ան նշեց, որ իրենք շատ զգուշ են «Ժընեւ-3»-ի մասնակցութեան հրաւէրներու յղման հարցին մէջ, սակայն ընդգծեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին համաձայն, ինք լիազօրուած է սուրիական ընդդիմութենէն կարելի եղածին չափ մեծաթիւ կողմեր ժողովին հրաւիրելու:
Տը Միսթուրա նշեց, որ որեւէ կողմ պէտք չէ Ժընեւի մէջ բանակցութիւններու սկիզբէն առաջ նախապայմաններ ճշդէ: «Հարցերը սկսան զարգանալ, եւ կը կարծեմ, որ ան որ անցեալին պայմաններ ճշդեց, սկսաւ հարցերը հասկնալ», նշեց ան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ զգուշացուց, որ Սուրիոյ քրտական ուժերու Ժընեւի բանակցութեանց որեւէ մասնակցութիւն վտանգաւոր պիտի ըլլայ եւ պիտի առաջնորդէ հոլովոյթի ձախողութիւն:
Նախքան այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին կարեւոր նկատած են Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի կողմէ Ժընեւի մէջ միջսուրիական բանակցութիւններու սկիզբի թուականի շուտափոյթ յայտարարութիւնը:
«Լաւրով վերստին շեշտած է բոլորին կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 բանաձեւի բարեխիղճ կատարման անհրաժեշտութիւնը, ներառեալ` ընդդիմութեան ներկայացուցչական պատուիրակութեան ձեւաւորումը եւ օրակարգին վրայ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարի միասնական ճակատի ստեղծման, զինադադարի, մարդասիրական խնդիրներու լուծման եւ կառավարութեան ու անոր ընդդիմախօսներու փոխադարձ համաձայնութեան հիման վրայ քաղաքական բարեփոխումներու մշակման հարցերու ընդգրկումը», ընդգծեց նախարարութիւնը:
Սուրիական ընդդիմադիր համախմբումի բանբերը յայտնեց, որ համախմբումը այսօր ժողով մը պիտի գումարէ «Ժընեւ-3»-ին մասնակցութեան շուրջ որոշում մը որդեգրելու համար:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու հերքեց, թէ Ռուսիա կը ծրագրէ Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժի 2-րդ ռազմակայան մը հաստատել: