
Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտնած է, որ Անգարա կը փորձէ շրջանին մէջ վերականգնել Օսմանեան կայսրութիւնը, նաեւ կասկած յայտնած է, թէ Անգարայի նպատակը «ՏԱՀԵՇ» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարն է: Այս մասին կը հաղորդէ panorama.am` վկայակոչելով «Ասիալայվ» կայքը:
«Թուրքիան մեզի կ՛ըսէ, որ կը ձգտի պայքարիլ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ, բայց ես անկեղծ կը պատասխանեմ, որ չեմ տեսներ որեւէ ապացոյց», ըսած է ան` աւելցնելով, որ թուրքերը պէտք է առաջնահերթ նկատեն ահաբեկիչներուն դէմ պայքարը, այլ ոչ թէ քիւրտերուն դէմ գործողութիւնները:
Իրաքի վարչապետին խօսքով, Անգարա կը ձգտի շրջանին մէջ վերականգնել Օսմանեան կայսրութիւնը, երբ Իրաք կը ձգտի լաւ յարաբերութիւններ պահպանել դրացի Թուրքիոյ հետ:
Հայտար Ապատի նաեւ յայտարարած է, որ անընդունելի կը նկատէ թրքական զօրքերուն ներկայութիւնը Իրաքի տարածքին մէջ եւ կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ դուրս բերելու զօրքերը: