
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիւսէյն Ժապեր Անսարի յայտարարած է, որ Իրան պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործին մէջ միջնորդութիւն կատարելու:
Ըստ գործակալութեան, Անսարի պատասխանելով ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան թղթակիցի հարցումին ընդգծած է. «Տագնապին առաջին օրէն Իրան փորձած է կանխարգիլել զայն եւ լուծել տարակարծութիւնները»:
«Եթէ ուշադրութիւն դարձնենք անցեալին, ապա պիտի տեսնենք, որ ճգնաժամային ժամանակներու ընթացքին Իրան փորձած է կանխարգիլել դրացի երկիրներու` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տարակարծութիւնները: Այժմ, եթէ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը փափաքին, Իրան պատրաստ է դեր խաղալու եւ միջնորդութիւն կատարելու այդ տագնապի լուծման մէջ», յայտարարած է Անսարի:
Ան նաեւ յայտնած է, որ ազրպէյճանցի եւ իրանցի դիւանագէտները բանակցութիւններ կատարած են Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Իրան հաւանական այցելութեան առնչութեամբ: Ան նշած է, որ այցելութեան մասին պիտի յայտարարեն, եթէ վերջնական որոշում տրուի: