Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿԸ ՇԵՇՏԷ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔ ՄԸ ՄՇԱԿԵԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

September 5, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դեսպան Զիատէ եւ նախագահ Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան հիմնական երկու արժանիքներով կը փայլի` նկատել տալով, որ անոնցմէ մէկն է ժողովրդավարութիւնը, իսկ միւսը` մշակոյթը, աւանդութիւններն ու քաղաքակրթութիւնը:

«Մեր ժողովրդավարութեան ամրապնդումը պէտք է ընթանայ բարեկարգումներ կատարելու մեր պատրաստակամութեան լայն դռներէն», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը` աւելցնելով, որ այդ մէկը կարելի կ՛ըլլայ ընտրական արդիական օրէնքի մը մշակումով եւ խորհրդարանին մէջ լիբանանեան քաղաքական բոլոր շերտերուն արդար ներկայացուցչութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքական կեանքին մէջ բոլոր համայնքներուն գործունէութիւնը ապահովելով:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը կրնայ լաւ օրինակ ծառայել բոլոր ժողովրդավարութիւններուն, որոնք այսօր բարեկարգումի ենթարկուելու կարիքը կը զգան:

Պէյթէտտինի նախագահական ամարանոցին մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց Եգիպտոսի եւ Արաբական լիկայի մէջ Լիբանանի դեսպան Խալետ Զիատէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Արաբական լիկային մէջ Լիբանանի դիրքը եւ արաբական տարբեր հարցերուն նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած կեցուածքները:

Նշենք, որ նախագահական պալատին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը հաղորդեց, թէ նախագահ Սլէյման այսօր առաւօտեան Պաապտայի մէջ կը վերսկսի քաղաքական իր սովորական հանդիպումներուն, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուին լիբանանեան քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ ապահովական թղթածրարները:

Նկատի ունենալով այս օրերուս այդ թղթածրարներուն մէջ կարեւոր նկատուող ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը, հարկ է նշել, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այսօր վարչապետարանին մէջ կը շարունակէ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրի քննարկումը`  նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ չորեքշաբթի, 7 սեպտեմբերին կառավարութեան գումարելիք ժողովին ընթացքին պիտի ճշդուի անոր ճակատագիրը:

Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթին համաձայն, Միքաթի յառաջիկայ 27 սեպտեմբերին պիտի մեկնի Նիւ Եորք`  նախագահելու համար Ապահովութեան խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին միջինարեւելեան հարցեր:

 

Նախորդը

ՊԸՐՐԻ. «ՆԵՐՔԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿՈՂՄԵՐ ՉԵՆ ՓԱՓԱՔԻՐ, ՈՐ ԵՐԿԻՐԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐ ԾՐԱԳԻՐԸ ՄՇԱԿԷ»

Յաջորդը

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ ՀԱՄԱԽՄԲԵՑ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏՑԻՆԵՐԸ ԵՒ ՍՏԵՂԾԵՑ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.