
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին առընթեր Զարգացման եւ ֆրանսախօսութեան հարցերով պետական քարտուղար Աննիք Ժիրարտէ այցելած է Ծիծեռնակաբերդ, ուր ծաղկեպսակ զետեղած է յուշահամալիրին: Ան ապա շրջած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ` ծանօթանալով ներկայացուած ցուցանմուշներուն եւ Մեծ եղեռնի պատմութեան:
Լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին Աննիք Ժիրարտէ նշած է, որ յուզուած եւ ցնցուած է թանգարան-հիմնարկին մէջ ներկայացուած ցուցանմուշներէն եւ ցեղասպանութեան պատմութենէն:
«Հայաստան բերած եմ Ֆրանսայի այն ուղերձը, որ Ֆրանսա բարեկամ Հայաստանի կողքին է: Մեր երկիրը սատարած է, պիտի աջակցի եւ շարունակէ օժանդակել Հայաստանին», ըսած է պետական քարտուղարը:
Խօսելով Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման մասին` Աննիք Ժիրարտէ նշած է, որ այդ հարցը կը շարունակէ քննարկուիլ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի «պատերուն» մէջ: «Այսօր Ֆրանսան ունի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշում: Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երկու անգամ եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ` մասնակցած է Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւններուն: Այսօր կրնամ ըսել, որ Ֆրանսայի մէջ կը շարունակուի քննարկուիլ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը», ըսած է ան:
Ժիրարտէ նաեւ յիշեցուցած է, որ Մեծ եղեռնը լայնօրէն քննարկուած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան մէջ եւ դատապարտուած կազմակերպութեան նախագահին կողմէ:
Անոր խօսքով` այսօր ալ ականատես ենք աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ այդպիսի ոճրագործութիւններու, եւ բոլորիս պարտքն է մարդկութիւնը զերծ պահել այդպիսի արհաւիրքներէ:
«Կը կարծեմ, որ պէտք է առջեւ նայիլ: Մեր պարտքն է օգնել բարեկամ Հայաստանին` զարգացնելու պետութիւնը տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, կրթութեան մարզերուն մէջ», ըսած է Ժիրարտէ: