Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարութիւնը Պէտք Չէ Արտահանման Խթանման Անուան Տակ Խրախուսէ Մենաշնորհները» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

January 25, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

minassian_012416

Որեւէ նախաձեռնութիւն, որ միտուած է արտահանման խթանման, օգտակար է, այլ բան, որ պէտք է նաեւ գործիքակազմը ճիշդ ձեւով ընտրուի, որպէսզի կառավարութիւնը թաքնուած կերպով կամ բացայայտօրէն չխրախուսէ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող մենաշնորհները: Այս մասին «Նիուզ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, տնտեսագէտ Արծուիկ Մինասեան` անդրադառնալով կառավարութեան` արտահանման խթանման ուղղուած ծրագիրին:

Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, կառավարութիւնը պէտք է խթանէ, որպէսզի Հայաստանի մէջ ըլլան աւելի մրցակցային մարզեր:

«Խթանման գործիքները բազմաթիւ են, սկսած ապահովագրական համակարգէն, հասնելով մինչեւ հաւասար պայմաններ ստեղծելուն: Ես չեմ ընդունիր այն մօտեցումը, որ այս խորհուրդը խթանէ միայն մէկ կամ խումբ մը մարդոց կողմէ արտահանումը, պէտք է կողմնորոշուի խթանումը այն ապրանքներուն, որոնք մրցունակ են արտաքին շուկային մէջ, այդտեղէն ամէն արտադրողի համար քանակական սահմանափակում պէտք է դրուի: Իւրաքանչիւր արտադրողէ ոչ աւելի  քան երկու տեսակի ապրանք, որպէսզի բոլորը հասկնան, որ այդ կարելիութիւնները հաւասար են: Օրինակ, ստեղծեն երկու լաւագոյն որակի ապրանք եւ խորհուրդը երաշխաւորէ, որ այս ապրանքատեսակները տարածուին ԱՊՀ եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան տարածքներուն մէջ», ըսաւ Մինասեան:

Ըստ Մինասեանի` երկրորդ կարեւոր հանգամանքը արտահանողներու  պետութեան կողմէ վարկերու աջակցութիւնն է: «Եւ վերջապէս երրորդը` բոլոր արտադրողները պէտք է ունենան հաւասար ձայն եւ իրենք պէտք է ձեւաւորեն կարգը, ոչ թէ կառավարութեան անդամները», նշեց Մինասեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կառավարութեան խթանման ծրագիրը որքանո՞վ արդիւնաւէտ կը գործէ Ռուսիոյ տնտեսական ներկայիս վիճակի, ռուբլիի  փոխարժէքի ու քարիւղի գիներու անկումին պարագային, տնտեսագէտը պատասխանեց. «Եթէ Ռուսիոյ տնտեսութեան վրայ ազդելու կարելիութիւն չունինք, ատիկա չի նշանակեր, որ պիտի նստինք մութ  անկիւն մը ու լանք, որ Ռուսիոյ տնտեսութիւնը այդ վիճակին մէջ է: Պէտք է փորձենք առաւելութիւններէն օգուտներ քաղել, որոնք բազմազան են: Պէտք է անպայման անցում կատարուի Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու մէջ ռուբլի-դրամ վճարման համակարգին: Պէտք չէ մեր յարաբերութիւնները պայմանաւորենք 3-րդ երկրի մը դրամանիշով, ինչ որ կրկնակի վնաս է», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:

Նշենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը վերջին նիստին հաստատած է Պետական աջակցութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան արտահանման ուղղուած արդիւնաբերական քաղաքականութեան ռազմավարութեամբ նախատեսուած միջոցառումներու իրականացման 2016-ի ծրագիրը եւ միջոցառումներու ցանկը:

 

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Բանակ. Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Հայ Դիրքապահներուն Ուղղութեամբ Արձակուած Է Աւելի Քան 3200 Կրակոց

Յաջորդը

«Ֆրանսա Կը Շարունակէ Քննարկել Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտման Քրէականացումը» Կ՛ըսէ Ժիրարտէ

RelatedPosts

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին  Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

January 31, 2026
Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան  Հիմնադրամէն Պիտի Ստանայ 10 Միլիոն  Եւրոն. Հունգարիան Վերցուցած Է Արգելքը
Հայկական

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Աջակցութեան Նոր Միջոց Կը Տրամադրէ

January 31, 2026
Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն  Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.