Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Հայկական Եկեղեցիներու Կալուածագիրներ Կը Հրապարակուին

Յունուար 25, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

dapu_012416

«Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ազգային արխիւը հրատարակութեան կը պատրաստէ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական քանի մը եկեղեցիներու կալուածագիրները: Ամենայն հայոց կաթողիկոսի դիւանի ֆոնտին գրագրութիւնները ուսումնասիրելու ատեն  Հայաստանի ազգային արխիւի աշխատակիցները գտած են այս բացառիկ ու արժէքաւոր կալուածագիրները, որոնք Օսմանեան կայսրութեան իշխանութիւններուն կողմէ տրուած փաստաթուղթեր են, եւ որոնք կ՛արձանագրեն ու մանրամասնօրէն կը նկարագրեն, թէ տուեալ եկեղեցին ի՛նչ կալուածներ եւ ի՛նչ սեփականութիւն ունեցած է:

«Կը նշուի գաւառը, գիւղը, վայրը, կալուածը,  նշուած է` ո՞ւր կը գտնուի, սահմանները, ի՞նչ կայ տուեալ մարգագետինի 4 կողմը»,  բացատրած է Հայաստանի ազգային արխիւի գիտահետազօտական աշխատանքներու բաժանմունքի վարիչ Գոհար Աւագեան:  Գտնուած շուրջ 200 կալուածագիրները կը պատկանին միայն քանի մը եկեղեցիներու: Կալուածներէն իւրաքանչիւրին` արտին,  հողատարածքին, խանութին ու նոյնիսկ բաղնիքին համար առանձին փաստաթուղթ պատրաստուած է: Սեփականութեան նման վկայականներ ունեցած են մեր բոլոր եկեղեցիները, բայց անոնցմէ շատերուն մասին առայժմ տեղեկութիւններ չկան:

«Այս եզակի նմուշները գաղթի ընթացքին փրկած եւ Մայր Աթոռ հասցուցած է Պայազետի քահանան: Ազգային արխիւին կազմած գիրքին մէջ լոյս պիտի տեսնեն բնագիրներու լուսանկարները, եւ անոնց կարճ բովանդակութիւնը հայերէն եւ ռուսերէն, հաւանական է` նաեւ անգլերէն: Առանձին  թղթածրարի մը մէջ Պայազետի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ կալուածագիրներն են: Եկեղեցին արդէն գոյութիւն չունի, բայց անոր սեփականութիւնը, ըստ կնիքով հաստատուած փաստաթուղթերուն, անառարկելի եւ անժամկէտ է: Պայազետի եկեղեցւոյ կալուածին փաստաթուղթը օսմաներէնէ, որուն հայերէն թարգմանութիւնը մենք ունինք: Գրուած է, որ արեգակի նման պարզ եւ յաւերժ է այն, որ այս տարածքը կը վերաբերի, այսինքն` կը պատկանի հայ եկեղեցւոյ», դիտել տուած է Գոհար Աւագեան:

Ըստ անոր, փաստաթուղթերը հրատարակութեան նախապատրաստելու ընթացքին դժուարութիւններու հանդիպած են, մանաւանդ տեղանունները օսմաներէն թարգմանելու իմաստով: Հոն նշուած է նաեւ կալուածին արժէքը: «Պէտք է քիչ մը աւելի խորը ուսումնասիրել, համեմատել, թէ այդ գումարը հիմա որքա՛ն կը կազմէ, հողը ի՛նչ կ՛արժէր: Հաշուի առնելով, որ այդ 150-170 կալուածագիրները կը վերաբերին ընդամէնը քանի մը եկեղեցւոյ, բաւականին լուրջ թիւ կ՛ունենանք», նշած է Աւագեան:

Եկեղեցիներու կալուածագիրները իրաւական հիմք ունեցող փաստաթուղթեր են: Հեղինակները յոյս ունին, որ հրատարակութենէն ետք գիրքը մասնագէտներու համար ուսումնասիրութեան կարեւոր նիւթ կ՛ըլլայ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ Ամէն Բան Սառած Է

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Բանակ. Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Հայ Դիրքապահներուն Ուղղութեամբ Արձակուած Է Աւելի Քան 3200 Կրակոց

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?