Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Ամէն Բան Սառած Է

Յունուար 25, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

snow_012416

Լիբանանը հարուածող «Թալասա» ձիւնամրրիկը սառեցուց երկիրը` ամէնուրեք տարածելով ցուրտը:

Սակայն ցուրտն ու սառոյցը  երկրին քաղաքական կեանքին մէջ, յատկապէս նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով, նորութիւններ չեն:

Կառավարութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու առումով Ազգային երկխօսութեան նիստին մէջ գոյացած համաձայնութիւնը գործադրելու նպատակով վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութիւնը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 28 յունուար 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին` քննարկելու համար 379 կէտերէ բաղկացող օրակարգ մը:

Այս հրաւէրին իբրեւ պատասխան Ռապիէի մէջ նշուեցաւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարները պիտի չմասնակցին այդ նիստին` նկատի ունենալով, որ անոր քննարկելիք օրակարգին վրայ Զինուորական խորհուրդի նշանակումները չեն ներառուած:

Այդ կեցուածքին վարչապետ Սալամ պատասխանեց հետեւեալ ձեւով. «Նկատի պիտի չունենամ որեւէ օրակարգ, որուն շուրջ քաղաքական ուժերուն միջեւ տարակարծութիւն կայ»:

Շաբաթասկիզբէն իսկ տիրող այս մթնոլորտը ցուցանիշ է, որ կառավարութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու կամքը բանիւ առկայ է, սակայն ոչ գործով:

Միւս կողմէ, նախագահական ընտրութեան առումով շաբաթ մը առաջ Մեհրապէն ներկայացուած տօնական մթնոլորտը պէտք չէ անպայման մեկնաբանել` 8 փետրուարին նախագահական ընտրութիւն կատարելու վերջնական թուականով:

Ընդհակառակն` Մեհրապի իրադարձութեան պատճառով նախագահական ընտրութեան 35-րդ նիստը կրնայ վերածուիլ 45-րդի կամ 55-րդի, նկատի ունենալով ստեղծուած աւելի բարդ կացութիւնը, որ կ՛առաջնորդէ դէպի յաւելեալ անորոշութիւն:

Միւս կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Հաղորդակցութեան ընթացքին Հարիրի վերահաստատեց, որ Մուսթաքպալ կ՛ողջունէ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ գոյացած հաշտութիւնը:

Իր կարգին, Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ: Քննարկուեցան նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը արագացնելու եւ կառավարութեան աշխատանքները կազդուրելու հեռանկարները:

Սպասելով այս շաբթուան քաղաքական զարգացումներուն` ցարդ ամէն բան կը մնայ սառած:

Նախորդը

Քուէյթի Խորհրդարանի Նախագահը Միօրեայ Այցելութիւն Մը Տուաւ Լիբանան Եւ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Պըրրիի Հետ

Յաջորդը

Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Հայկական Եկեղեցիներու Կալուածագիրներ Կը Հրապարակուին

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?