
Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ Մարզուք Ղանեմ շաբաթ օր այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Արաբական խորհրդարանական համադաշնակցութեան դերակատարութիւնը եւ մարտ ամսուան ընթացքին համադաշնակցութեան գումարելիք ընդհանուր ժողովը, որուն պիտի նախագահէ Նեպիհ Պըրրի:
Ղանեմի հետ հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայի, երեսփոխան Ալի Պեզզի եւ խորհրդարանի ընդհանուր տնօրէն Ալի Համատ: