
Թունուզի մէջ կոչ ուղղուեցաւ կեդրոնական Թունուզի Քասրէյն քաղաքին մէջ այսօր գործադուլի եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան դիմելու: Հարիւրաւոր թունուզցիներ երէկ նշեալ քաղաքին կեդրոնին մէջ կատարեցին խաղաղ հաւաք մը` զօրակցելու համար գործազուրկներու պահանջներուն:
Մայրաքաղաք Թունուզի մէջ Աշխատաւորական կուսակցութեան երիտասարդական թեւի անդամները Հապիպ Պուրքէյպա փողոցէն Խորհրդաժողովներու պալատին ուղղութեամբ կատարեցին քայլարշաւ մը, որուն մասնակիցները կառավարութեան գործունէութիւնը քննադատող կարգախօսներ բացագանչեցին:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւի կայանը հաղորդեց, որ մայրաքաղաքի Թատամոն թաղամասին մէջ ապահովական ուժերուն եւ ցուցարարներուն միջեւ բուռն ցոյցեր տեղի ունեցած են:
Ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են չորս անձեր, որոնք, ըստ այդ ուժերուն, կը ցրուէին Թահրիր կուսակցութեան կողմէ հրապարակուած թռուցիկներ, որոնք կը բովանդակէին խալիֆայութիւն հաստատելու կոչեր:
Երկրին հարաւը գտնուող Քապեսի մէջ ապահովական ուժերը ձերբակալեցին աւելի քան 20 անձեր, որոնք ըստ այդ ուժերուն, խախտած են նշեալ նահանգին մէջ կրակմարի դրութիւնը:
Միւս կողմէ, Թունուզի ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով բուռն կերպով դատապարտեց երկրին նախկին նախագահ Մունսեֆ Մարզուքիի` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց մեղսակից նկատելը` նշելով, որ այդ յայտարարութիւնները անպատասխանատու են եւ կը միտին Թունուզը առանցքներու քաղաքականութեան մէջ ներքաշել:
Նախարարութիւնը նշեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները նախանձախնդիր են բոլոր մակարդակներուն վրայ Թունուզի աջակցելու նկատմամբ:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին նշեց, որ Էմիրութիւնները քննադատող ձայներուն մեծամասնութիւնը շրջանին համար ծայրայեղական եւ յարանուանական ծրագիրներու տէր են, իսկ Մարզուքին անոնցմէ ոմանց կամակատարն էր:
Նշենք, որ Թունուզի նախագահը մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ խորհրդաւոր ձեռքեր կը հրահրեն կացութիւնը Թունուզի մէջ:


