Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 25, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ ամերիկեան քաղաքականութիւնը շրջանին մէջ ունի իր լծակները, որոնց պատճառով Միջին Արեւելքի իրարանցումն ու յետամնացութիւնը կը շարունակուին:

«ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ պիտի կանչենք» արշաւի անդամներ շաբաթ առաւօտեան բողոքի ցոյց մը կատարեցին առողջապահութեան նախարարութեան դիմացը, պահանջելով աղբերուն պատճառած ախտերը դիմագրաւելու գիտական ծրագիր մը մշակել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին չգոյութիւնը եւ շրջանային տագնապները Լիբանանի կացութիւնը հետզհետէ աւելի եւս կը վատթարացնեն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի իր սահմանադրական հաստատութիւններուն պաշտպանութեան, իսկ կառավարութիւնը պէտք է վերաշխուժացնէ իր գործունէութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաւուք յայտնեց, որ պէտք է դիմադրել Սէուտ ընտանիքին բոլոր ոճիրներուն եւ գործած սխալներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Քազեմ Խէյր շեշտեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ գոյատեւել իր արաբական ինքնութեամբ` աւելցնելով, որ անիկա չի կրնար մնայուն կերպով Իրանի կողքին ըլլալ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քերիմ Բագրատունի շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութիւնը կ՛ամրապնդէ քրիստոնէական ներկայութիւնը եւ կը սրբագրէ Թաէֆի համաձայնագիրին առումով արձանագրուած խախտումները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի ընդգծեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն, որ Լիբանան դաշնակից դառնայ սէուտական ուխտին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն զօրակցիլ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան` աւելցնելով, որ իրենք ներկայ պիտի գտնուին նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական թեկնածուներ զօր. Միշել Աունի եւ Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ մրցակցութեան վերջ տալու համար հզօր ուժի կարիքը կայ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները կը փաստեն, որ ան տակաւին կառչած կը մնայ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ կոչ ուղղեց հաշտութիւնները ընդհանրացնելու եւ զանոնք երկրին ազգային շահերուն ծառայեցնելու:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր Սէուտական Արաբիայէն վերադարձած է ժխտական տրամադրութեամբ, յատկապէս Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի նկատմամբ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխանական պլոքները կը նկատեն, որ նախագահական ընտրութիւնը կարելի պիտի չըլլայ մօտիկ ապագային կատարել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ, հանդիպելէ ետք ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի հետ, շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ համաձայնութիւնը կարեւոր է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ միջլիբանանեան համախոհութիւնը հարցին լուծման յանգելու լաւագոյն միջոցն է:

 

 

Նախորդը

Այսօր Թունուզի Քասրէյն Քաղաքին Մէջ Գործադուլ Կատարելու Եւ Քաղաքացիական Անհնազանդութեան Կոչեր

Յաջորդը

Բանակը Ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի Անդամ Մը, Բախումներ Ունեցաւ Թմրեցուցիչի Մաքսանենգներու Հետ, Ինչպէս Նաեւ Արգիլեց Սուրիացիներու Ապօրինի Մուտքը

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?