Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարոքի Մէջ Պետական Պաշտօններու Կրճատման Դէմ Բողոքի Ցոյց

Յունուար 25, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Morocco_012416

«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ երէկ հազարաւոր մարոքցի ուսուցիչներ եւ անոնց ընտանիքները` չենթարկուելով կառավարութեան կողմէ ցոյցերու արգիլման որոշումին, Մարոքի մայրաքաղաք Ռապաթի մէջ փողոց դուրս եկած են` բողոքելու համար կրթութեան մարզին մէջ աշխատատեղիներ կրճատելու կառավարութեան ծրագիրին դէմ:

Պաստառներ բարձրացուցած եւ «Ճնշումը զիս պիտի չվախցնէ» բացագանչող ցուցարարները քայլարշաւ մը կատարեցին` անցնելով հարիւրաւոր ոստիկաններուն մօտէն, որոնք ջրցան մեքենաներով հսկեցին քայլարշաւին: Շաբաթներ առաջ ոստիկաններ ամբաստանուեցան նախկին ցոյց մը բիրտ կերպով ցրուելու յանցանքին:

Մարոքի մէջ բազմամարդ ցոյցերը հազուադէպ են: Երբ 2011-ին, Թունուզի, Եգիպտոսի եւ Լիպիոյ մէջ ըմբոստութիւններ ղեկավարները տապալեցին, Մարոքի թագաւորական պալատը սահմանափակ բարեփոխումներ եւ յաւելեալ նիւթական յատկացումներ կատարելով, ինչպէս նաեւ ապահովական աւելի խիստ միջոցառումներ որդեգրելով հանդարտեցուց նոյնպիսի ցոյցերը:

Ուսուցչական ասպարէզի պատրաստութիւնը աւարտած անձերու ցոյցը վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին ծախսերը կրճատելու եւ պետական մարզի աշխատատեղիները կրճատելու կառավարութեան ծրագիրներուն դէմ տեղի ունեցած շարք մը բողոքի ցոյցերէն մէկն է: Կառավարութիւնը այդ միջոցառումին ճամբով կը փորձէ իր ելեւմտական վիճակը կարգաւորել:

Նշենք, որ կառավարութիւնը 21 յունուարին յայտարարած էր, որ առանց արտօնութեան եղող որեւէ ցոյց պիտի չարտօնէ:

Նախորդը

«Սայքս-Փիքօ»-ն Ձախողեցաւ, Եւ Միջին Արեւելքը Կարիքը Ունի Քրտական Պետութեան Ճամբան Հարթող Նոր Համաձայնութեան Մը» Կ՛ըսէ Պարզանի

Յաջորդը

Այսօր Թունուզի Քասրէյն Քաղաքին Մէջ Գործադուլ Կատարելու Եւ Քաղաքացիական Անհնազանդութեան Կոչեր

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?