Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան Սպարտակ Մոսկուայէն փոխ տրուեցաւ «Մէյճըր լիկ»-ի խումբերէն Ռէալ Սոլթ Լէյքին:
Ռուսական մամուլին համաձայն, 28 տարեկան ֆութպոլիստին աշխատավարձին կէսը պիտի վճարէ Սպարտակը:
Ամերիկեան ակումբը սկզբունքով Մովսիսեանին պէտք էր վճարէր 4 միլիոն եւրօ: Սակայն անիկա պայման ներկայացնելով ըսաւ, որ պատրաստ է վճարելու ֆութպոլիստին աշխատավարձին կէսը:
Համաձայն գտնուելով ներկայացուած այդ առաջարկին` Սպարտակ որոշեց Մովսիսեանը փոխ տալ Ռէալ Սոլթ Լէյքին, կը նշէ ArmSport.am: