Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ Մանուէլ Փելլեկրինի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ որոշած է մնալ անգլիական իր կազմին հետ եւ Չիլիի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչը չ՛ուզեր ըլլալ:
Նշենք, որ կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ան կրնայ նշանակուիլ Չիլիի մարզիչ` փոխարինելով խումբը լքած Խորխէ Սամփաուլոյին:
Վերջինս հեռացաւ իր պաշտօնէն` նկատի ունենալով, որ չկրցաւ Չիլիի ֆութպոլի նոր ֆետերասիոնին հետ համաձայնութեան գալ կարգ մը հարցերու շուրջ: