Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ¬Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ ՅԱՃԱԽՈՂ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

September 5, 2011
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 2 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00¬ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ սրահին մէջ ՀՄԸՄ¬ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ֆութպոլի դպրոցներու ծնողական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը: Այս ձեռնարկին նպատակն էր համախմբել ՀՄԸՄ¬ի 14 տարեկանէն վար դպրոցներու աշակերտներուն ծնողները, որպէսզի անոնք տեղեկանան տարուած աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ ընդհանուր զարգացումի վերաբերող տեղեկութիւններ ձեռք ձգեն:

Հանդիպումին բացումը կատարեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեան, որ դրուատեց ՀՄԸՄ¬ի դպրոցները, որոնց շուրջ արդէն իսկ համախմբուած են 320 պատանիներ եւ անոնք հայկական հարազատ ու մաքուր մթնոլորտի մէջ կը մարզուին:

Ծնողական յանձնախումբին կողմէ խօսք առաւ Ռուբէն Եթերեան, որ անդրադարձաւ դպրոցներու հաստատումէն ի վեր տարուած աշխատանքներուն, բացատրեց, թէ աշակերտները բաժնուած են տարիքային խումբերու, ինչպէս նաեւ ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցաւ ապագայի ծրագիրներուն մասին:

Խօսք առաւ նաեւ ֆութպոլի դպրոցներու աւագ մարզիչ Յակոբ Տեմիրճեան, որ ներկայացուց աշակերտներուն հետ կատարուած գործունէութեան ընթացքը, փորձերուն մասին խօսեցաւ` նշելով, որ պատանիները խանդավառութեամբ եւ ՀՄԸՄ¬ական ոգիով կը հետեւին իրենց տրուած յանձնարարութիւններուն:

Օրուան հիւր բանախօսն էր Սոնիա Զաւզաւաճեան, որ ներկայացուց մարզիկի սննդականոնին առնչուող մանրամասնութիւններ եւ գիտական տեղեկութիւններ: Ան անդրադարձաւ այն ուտելիքներուն, որոնք անհրաժեշտ են մարզիկներուն համար, նաեւ լուսարձակի տակ առնելով վնասակար սնունդները: Ան նաեւ ընդհանուր սննդականոնի եւ առողջ կենցաղի վերաբերող օգտակար գիտելիքներ ներկայացուց ծնողներուն:

Հանդիպումը շարունակուեցաւ խանդավառ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, ծնողները աւելի մօտէն ծանօթացան իրարու եւ առիթ ունեցան իրարու հետ կապեր հաստատելու ու ժամանակ անցընելու:

Նախորդը

2014-Ի ՄՈՆՏԻԱԼԻ ԶՏՈՒՄԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԹԷՅՄՈՒՐԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԻՐԱՆԻ ԵՐՐՈՐԴ ԿՈԼԸ

Յաջորդը

ԵՒՐՕ-2013. 21 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԶՏՈՒՄԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՆՏՈՐՐԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ` 0-1

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  Խալիլ Այցելեց Հայկական Համայնքական,  Կրթական Եւ Մարզամշակութային Կեդրոններ`  Կապերը Աւելի Եւս Ամրացնելու Համար
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. Խալիլ Այցելեց Հայկական Համայնքական, Կրթական Եւ Մարզամշակութային Կեդրոններ` Կապերը Աւելի Եւս Ամրացնելու Համար

November 21, 2026
Բռնցքամարտ.  Յակոբեան Եւ Յովհաննիսեան`  Յաղթական
Մարզական

Բռնցքամարտ. Յակոբեան Եւ Յովհաննիսեան` Յաղթական

November 21, 2026
Ճիւտօ.  Շաւարշ Նահապետեան Աւարտեց  Իր Ելոյթները Աշխարհի Ախոյեանութեան
Մարզական

Ճիւտօ. Շաւարշ Նահապետեան Աւարտեց Իր Ելոյթները Աշխարհի Ախոյեանութեան

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.