
Երէկ` չորեքշաբթի, 20 յունուարին, աւարտեցաւ Հայաստանի աղջկանց 71-րդ ճատրակի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 9-րդ հանգրուանի մրցումները:
Աղջկանց ախոյեանութեան տիտղոսը արդէն իսկ մէկ հանգրուան առաջ ապահոված ախոյեան Մարիա Գէորգեան մնաց անպարտելի` առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 8,5 կէտ: 2-րդ դիրքը գրաւեց Աննա Հայրապետեան (6,5 կէտ):
Նշենք, որ տղոց ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք Զաւէն Անդրէասեան կը գրաւէ առաջին դիրքը` 6,5 կէտով:
Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է 3 հանգրուան: