Ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Պորուսիա Տորթմունտ Գերմանիոյ մէջ գտնուող «Էսեն» մարզադաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Սփարթա Փրակայի:
Օպամայենկի նշանակած երկու կոլերէն ետք, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Հենրիխ Մխիթարեան արդիւնքը վերածեց երեքի` 68-րդ վայրկեանին:
Այսպիսով, հայրենի ֆութպոլիստը նշանակեց 2016-ի իր առաջին կոլը: