Հուփս – Շապապ Արապի բացման մրցումով, այսօր` հինգշաբթի, 21 յունուարին, կը սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանը:
Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Հուփսի դաշտին վրայ` Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան:
Վաղը` ուրբաթ, 22 յունուարի երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Անդրանիկ Պէյրութ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) կը հիւրընկալէ Մութթահետը:
Դարձեալ ուրբաթ, 22 յունուարին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը հիւրընկալէ Շեպիպէն:
Ա. հանգրուանը կ՛աւարտի կիրակի, 24 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, երբ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք) Ռիատի հիւրը կ՛ըլլայ Թատամոնին: