
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, շաբաթասկիզբին Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա) սկսաւ «Զարգացման բաժակ-2016»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը:
Արթուր Ոսկանեանի կազմը, որ առաջին մրցումին 3-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Ռուսիայէն, իսկ երկրորդին` Իսրայէլէն (1-0), երրորդ մրցումին թէեւ պարտութիւն չկրեց, բայց ձախողեցաւ կոլ նշանակել, երբ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լիթուանիոյ հետ:
Այսպիսով, հայրենի կազմը մէկ կէտով գրաւեց իր խմբակին վերջին դիրքը:
Սակայն մրցաշարքը չէ աւարտած Հայաստանի համար` նկատի ունենալով, որ հաւաքականը պիտի կատարէ 2 մրցում մը եւս, որոնց ընթացքին պիտի պայքարի 10-12 դիրքերուն համար:
Մրցակիցները չեն յստակացած, բայց մրցումները տեղի պիտի ունենան 22 եւ 23 յունուարին:


