«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 4 մրցումներ:
Նիւ Օրլինզ, որ հիւրընկալեց Մինեսոթա Վուլվզը, 114-99 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 32 կէտ:
Մնացեալ մրցումներուն, Միլուոքի Պաքս 91-79 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Մայեմի Հիթի դաշտէն, Տենվըր Նակեթց 110-104 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Օքլահոմա Սիթիէն, մինչ վերջին մրցումին Ֆէոնիքս Սանզ իր դաշտին վրայ 97-94 արդիւնքով պարտուեցաւ Ինտիանա Փէյսըրզէն:
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Օրլանտօ Մեճիք – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Մայեմի Հիթ
Պրուքլին Նեթց – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Նիւ Եորք Նիքս – Եութա Ճեզ
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Պոսթըն Սելթիքս
Շիքակօ Պուլզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Օքլահոմա Սիթի – Շարլոթ Հոռնեթց
Տալաս Մավըրիքս – Մինեսոթա Վուլվզ
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Աթլանթա Հոքս


