
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն ընդմէջէն կը յայտարարէ, որ պիտի զօրակցի իշխան Ալի Պըն Հիւսէյնի թեկնածութեան, երբ յառաջիկայ ամիս տեղի ունենան ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները: Հաղորդագրութիւնը պաշտօնապէս փոխանցուած է Յորդանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին:
Իրաք դէմ պիտի քուէարկէ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Սալման Պըն Իպրահիմ Խալիֆայի, ՖԻՖԱ-ի ընդհանուր քարտուղարի նախկին օգնական` ֆրանսացի Ժըրոմ Շամփանյի, հարաւային ափրիկեցի առեւտրական եւ նախկին քաղաքական գործիչ Թոքիօ Սեքսուալի, ինչպէս նաեւ` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ընդհանուր քարտուղար Ճիաննի Ինֆանթինոյի:
Նշենք, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 26 փետրուարին:


