Եւրոպայի նախկին ախոյեան Փորթօ «շատ ճամբորդող» Ժոզէ Փեսէյրոն նշանակեց ակումբին նոր մարզիչը, որ այսպիսով փոխարինեց Ժիւլեն Լոփեթեկուին, որ շուրջ 10 օր առաջ պաշտօնանկ եղաւ:
Այսպիսով, Փեսէյրօ, որուն վերջին ակումբը եղած էր եգիպտական Ահլին, վերջին 12 տարեշրջաններուն կը դառնայ 9-րդ մարզիչը, որ կը նշանակուի այդ պաշտօնին համար` մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյին մեկնումէն ետք:
Նշենք, որ 55 տարեկան Փեսէյրօ տարբեր երկիրներու մէջ եղած է 12 խումբերու մարզիչ:
Այժմ Փորթօ Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ կը գրաւէ 3-րդ դիրքը` 5 կէտով ետ մնալով Սփորթինկ Լիզպոնէն: