
ՖԻՖԱ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած յատուկ նիստէ մը ետք յայտարարուեցաւ, որ ՖԻՖԱ-ն պարտաւոր է յառաջիկային վճարելու Սեփ Պլեթըրի գանձելիք 5 ամսականները:
Նշենք, որ ՖԻՖԱ-ի նախկին նախագահը մինչեւ 26 փետրուար պիտի ստանայ իր այդ աշխատավարձերը: Այդ օր տեղի պիտի ունենան ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները:


