
Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան 14 յունուարին ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար Արարատ Դանիէլեանը: Անոնք քննարկած են արդարադատութեան մարզին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան խորացման ու զարգացման վերաբերող շարք մը ծրագիրներ:
Արփինէ Յովհաննիսեան բարձր գնահատած է երկու երկիրներու գործընկեր կառոյցներուն միջեւ առկայ փոխադարձ գործակցութիւնը եւ զայն ընդարձակելու ու սերտացնելու պատրաստակամութիւն յայտնած:
Արարատ Դանիէլեան նոյնպէս ընդգծած է, որ ներկայիս համագործակցութիւնը խորացնելու մեծ ներուժ կայ` նշելով, որ Հայաստանի արդարադատութեան նախարարին հետ քննարկած են փոխադարձ գործակցութեան շրջանակներն ու յառաջիկայի աշխատանքները:


