Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիտինկթըն. «Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Լոնտոնի Մէջ Ուորլիքի Հետ Հանդիպումը Արդիւնաւէտ Էր»

January 15, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Lidington-Warlick_011416
Լիտինկթըն եւ Ուորլիք

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հանդիպում ունեցած է Բրիտանիոյ Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Տէյվիտ Լիտինկթընի հետ` քննարկելով թէ՛ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխատանքը, թէ՛ ալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը:

Լիտինկթըն «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Շատ դրական քննարկում ունեցանք դեսպան Ուորլիքի հետ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղութեան հոլովոյթին վերաբերեալ»:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ այդ մասին կատարուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ Ուորլիք մասնակցած է նաեւ շրջանին գծով փորձագէտներու հետ, որոնց շարքին եղած են կառավարական եւ ոչ կառավարական հատուածի, ակադեմական շրջանակներու ներկայացուցչիներ, կազմակերպուած կլոր սեղանին:

Ուորլիք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ վերջին իրադարձութիւնները քննարկած է նաեւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարի Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գծով տնօրինութիւններու ղեկավար Մայքըլ Թեթհեմի հետ:

«Լայնածաւալ Պատերազմը Պիտի Քանդէ Շրջանը»
Կ՛ըսէ Ուորլիք

Armenia.az կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք 13 յունուարին յայտարարած է, թէ համանախագահները այս տարուան ընթացքին յատուկ ճիգ պիտի թափեն աշխուժացնելու համար Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ երկխօսութիւնը:

Ուորլիք ըսած է, թէ մինչ այդ, համանախագահները պիտի շարունակեն աշխատիլ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ` «բանակցային հոլովոյթը շարունակելու, շփման գիծի երկայնքին ու սահմանին վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի համայնքներուն միջեւ երկխօսութիւնը խրախուսելու նպատակներով»:

Պատասխանելով «Թերթ»-ի հարցումներուն` Ուորլիք յոյս յայտնած է, որ տագնապին կողմերը կը դադրեցնեն բռնարարքները եւ կը խուսափին կիրքեր բորբոքող հռետորաբանութենէն, որ հարցականի տակ կը դնէ խաղաղութեան հասնելու նպատակը:

Ըստ անոր, Արցախի տագնապի լուծման բանալին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն մօտ կը գտնուի: Ան աւելցուցած է. «Լայնածաւալ պատերազմը պիտի քանդէ շրջանը, եւ մենք կը հաւատանք, որ նախագահները ատիկա կը հասկնան: Յոյս ունինք, որ 2016-ին տագնապի կողմերը կը նստին բանակցութիւններու սեղան` պատրաստ լուծման շուրջ յառաջխաղացք մը արձանագրելու»:

 

 

Նախորդը

«Էյչ. Ուան Էն. Ուան»-էն Մահացողներուն Թիւը Կը Հասնի 11-ի. Դպրոցներուն Արձակուրդը Կ՛երկարաձգուի

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Նախագահող Գերմանիան Կը Խոստանայ Աշխուժ Ըլլալ Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Գործին Մէջ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.