Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էյչ. Ուան Էն. Ուան»-էն Մահացողներուն Թիւը Կը Հասնի 11-ի. Դպրոցներուն Արձակուրդը Կ՛երկարաձգուի

Յունուար 15, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
h1-n1_011416
Արմէն Մուրատեան

14 յունուարի առաւօտեան դրութեամբ հաստատուած է, որ Հայաստանի հիւանդանոցներուն մէջ կը բուժուի 945 հիւանդ, որոնց մօտ ախտորոշուած են սուր շնչառական հիւանդութիւններ, որոնց կարգին` «Էյչ. Ուան Էն. Ուան»:

Հիւանդներուն մեծ մասը` աւելի քան 80 առ հարիւրը, երեխաներ են, այդ  պատճառով ալ առողջապահութեան նախարարը կրկին խնդրեց, որ մէկ շաբաթով երկարաձգուի ամանորեան արձակուրդը:

«Բայց, հաշուի առնելով երեխաներու ութսուն առ հարիւր ընդհանուր հիւանդածութիւնը եւ (մեկնելով) բուժարան հասած դէպքեր եւ կանխարգելիչ մեր առած քայլը ցանկին վրայ ընդգրկելով յետաձգումը մէկ շաբաթով տուած իր արդիւնաւէտութիւնը, կ՛առաջարկենք եւս մէկ շաբաթով շարունակել ձմեռնային արձակուրդները, եւ դպրոցներու, նախադպրոցական հաստատութիւններու աշխատանքները սկսիլ մէկ շաբաթ ուշացումով», կառավարութեան նիստին ըսած է Արմէն Մուրատեան:

13 յունուարին արձանագրուած է «Էյչ. Ուան Էն. Ուան»-էն արդէն 11-րդ մահացութեան պարագայ. ըստ առողջապահութեան նախարարութեան, 61-ամեայ կինը կը տառապէր սրտի հիւանդութենէ եւ շաքարախտէ:

Նախարար Մուրատեան բացառած է, որ մահուան դէպքերը պայմանաւորուած ըլլան բժիշկներուն անուշադրութեամբ կամ սխալներով. «Կը կարծենք, որ առողջապահական համակարգը աշխատած է մեծ ծանրաբեռնուածութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ խիստ արհեստավարժութեամբ: Իսկ այդ 92 հիւանդները, որոնք այսօր կը շարունակեն վերակենդանացման բաժիններու մէջ ստանալ իրենց բուժօգնութիւնը, կը գտնուին խիստ հսկողութեան տակ»:

Վերակենդանացման բաժիններուն մէջ գտնուող այդ հիւանդներէն 11-ին վիճակը բաւական ծանր է:

Աւելի ուշ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ հանրակրթական, նախնական եւ միջին մասնագիտական ծրագիրներ գործադրող պետական ուսումնական հաստատութիւններուն արձակուրդը պիտի երկարաձգուի, իսկ դասերը պիտի սկսին 25 յունուարին:

Նախարար Աշոտեան նաեւ առաջարկած է տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն պատկանող, ինչպէս նաեւ ոչ պետական հաստատութիւններուն, որ նոյն ձեւով գործեն` շեշտելով, որ համալսարանները ներառուած չեն այս պարագային: «Կը տեղեկացնեմ նաեւ, որ բաց ձգուած դասերը կը լրացուին մինչեւ ուսումնական տարուան աւարտը», յայտարարած է նախարարը:

 

Նախորդը

Պաքու Եւ Ուաշինկթըն Քննած Են Արցախի Տագնապի Լուծումը

Յաջորդը

Լիտինկթըն. «Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Լոնտոնի Մէջ Ուորլիքի Հետ Հանդիպումը Արդիւնաւէտ Էր»

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?