Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւետիսեաններու Սպանդէն Տարի Մը Ետք Տակաւին Ոճրագործը Չէ Պատժուած

January 13, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

avedis_011216

Արդէն տարի մը անցած է Գիւմրիի մը տեղի ունեցած ահաւոր ոճիրէն, որուն զոհ գացին Աւետիսեան ընտանիքին բոլոր անդամները: 12 յունուար 2016-ին` կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին այս տխուր առիթով Գիւմրիի քաղաքային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ, որուն Աւետիսեաններուն հարազատներուն կողքին ներկայ էին մեծ թիւով գիւմրեցիներ: Կէսօրէ ետք ժամը 5:30-ին Գիւմրիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն եւ մոմավառութիւն:

12 յունուարին` ոճիրէն տարի մը ետք, Աւետիսեաններուն հարազատներն ու լրագրողները առաջին անգամն ըլլալով մտան Աւետիսեաններուն տուն, ուր գրեթէ ամէն  ինչ նոյնն է, նոյնիսկ տօնածառը տակաւին կանգուն է:

Աւետիսեաններուն հարազատները այս առիթով յայտնած են, որ իրենք դժգոհ են դատական ընթացքէն, որովհետեւ դատին մէջ «որեւէ փոփոխութիւն չկայ»:

«Տարիները կ՛անցնին, գործը կը քնացնեն, յետոյ իրենց ուզածով բան մը կ՛ընեն, յետոյ մէկուն կը կախեն, կ՛ըսեն` կախուեցաւ վերջացաւ», ըսած է Յասմիկ Աւետիսեանի քոյրը` Ռիթա Պետրոսեան, նշելով. «Դատաւորը նստած` չունի պատասխան, ռուսերուն գերին են»:

Թէեւ ռուսական 102-րդ զինուորական խարիսխի զինուոր Վալերի Փերմեաքով դատարանին առջեւ կանգնած է, սակայն Աւետիսեաններուն հարազատները չեն հաւատար, որ ռուս զինուորը առանձինն կատարած է այս ոճիրը: «Թէ ինքն է գործադրողը` կարելի է, բայց որ առանձին կատարած է` չեմ հաւատար: Եթէ գտած էք, որ միայն  ինքն է, ալ մարդ չկայ, տուէք` մենք ալ որոշենք, թէ ինչ կ՛ընենք», դիտել տուած է Ռիթա Պետրոսեան:

Աւետիսեաններուն հարազատները նաեւ դժգոհ են այն իրողութենէն, որ հայկական դատարանին դատը` տուեալ գործով, կը կատարուի Գիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական 102-րդ զինուորական կայանին մէջ գործող կայազօրային դատարանի տարածքին մէջ, ինչպէս նաեւ դժգոհ են դատական նիստի պայմաններէն: Անոնք ըսած են, որ հաւանաբար պոյքոթի ենթարկեն 18 յունուարին նախատեսուած նիստը, եթէ անիկա տեղի ունենայ նոյն վայրին մէջ: «Մենք մինչեւ Եւրոպական դատարան պիտի երթանք, բոլորին նորէն ոտքի պիտի հանենք», յայտնած է Պետրոսեան:

Միւս կողմէ, նախարար Արմէն Երիցեան ըսած է, որ կը հաւատայ Աւետիսեաններու սպանութեան գործով իրաւապահ մարմիններուն առած քայլերուն եւ գործին արդար ընթացքին:

Մարզային ու քաղաքային իշխանութիւնները եւս յոյսով են, որ դատական հոլովոյթը վերջապէս լոյս կը սփռէ Աւետիսեաններու ընտանիքին սպանութեան գործին վրայ, իսկ ոճրագործը կը ստանայ իր արժանի պատիժը: «Մէկ տարի անցած է: Դատական հոլովոյթը  ընթացքի մէջ է, 18 յունուարին տեղի պիտի ունենայ երկրորդ դատական նիստը: Յոյսով եմ եւ վստահ, որ յանցագործը իր արժանի պատիժը կը ստանայ», լրագրողներուն ըսած է Շիրակի մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեան:

Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուած է, որ տակաւին բազմաթիւ հարցեր անհասկնալի կը մնան:

 

Նախորդը

Տիգրան Սարգսեանը Ազատ Կացուցուած Է Միացեալ Նահանգներու Մէջ Հայաստանի Դեսպանի Պաշտօնէն Գրիգոր Յովհաննիսեան` Միացեալ Նահանգներու Մէջ Հայաստանի Դեսպան

Յաջորդը

Ռուսիոյ Պատրիարքին Յայտարարութիւնը Բուռն Քննադատութեան Արժանացաւ

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.