
Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է Ռուսիոյ փոխադրութեան միջոցներու նախարար, Հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնախումբի ռուսական կողմի համանախագահ Մաքսիմ Սոքոլովը:
Հայաստանի վարչապետն ու Ռուսիոյ փոխադրութեան միջոցներու նախարարը քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր: Այս առումով երկուստեք բարձր գնահատած են հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնախումբի աշխատանքը: Զրուցակիցները արձանագրած են, որ յանձնախումբի 16-րդ նիստի յանձնարարականներու կատարումը բաւական բարձր մակարդակի եղած է եւ համաձայնութիւն կնքուած է` յանձնախումբի յաջորդ նիստը գումարել այս տարուան յուլիսին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ:
Առեւտրական-տնտեսական կապերու սերտացման պարունակին մէջ, կողմերը քննարկած են շրջանային նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքային ծրագիրներու իրականացման հեռանկարները: Ռուսական կողմը կարեւոր նկատած է Հայաստան-Իրան երկաթուղիի կառուցումը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած ուսումնասիրելու մասնակցութեան հարցը:
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Վերին Լարսի անցակէտին մէջ բեռներու եւ փոխադրութեան միջոցներու մաքսային ձեւակերպման հոլովոյթի արագացման հարցին եւ քննարկած հարցին լուծման հաւանական տարբերակները:


