Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Բնակող Չորս Հայեր Կը Մեղադրուին Ազրպէյճանի Հաշուոյն Լրտեսելու Յանցանքով

January 9, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

gavel_010816

«Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիա բնակող 4 հայեր` Ռաֆիկ Պապոյեան, Կարինէ Ղումաշեան, Սերկէյ Պապոյեան եւ Տիանա Գորոյեան կը մեղադրուին Ազրպէյճանի հետախուզական ծառայութիւններուն մաս կազմելու յանցանքով: «Նիուզ»-ը այս մասին տեղեկացած է Դատական տեղեկատուական համակարգէն:

Ըստ մեղադրական եզրակացութեան, Ռաֆիկ Պապոյեան վարձուած է այդ երկրին մէջ գործունէութիւն ծաւալած, Ազրպէյճանի հետախուզական ծառայութիւններու աշխատակիցը հանդիսացող եւ Սէյրան անունով ներկայացած անձին կողմէ եւ կատարած է այդ հետախուզական ծառայութեան առաջադրանքները. Հայաստանէն Թուրքիա մտած Հայաստանի քաղաքացիներէն ընտրած է Ազրպէյճանի հետախուզական ծառայութիւններուն համար հետաքննութիւն ներկայացնող անձեր ու հաւաքագրման նպատակով ծանօթացած անոր հետ:

Սերկէյ Պապոյեան Թուրքիա բնակող հօր` Ռաֆիկ Պապոյեանի ուղղորդումով, Վրաստանի Թիֆլիս քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի հետախուզական ծառայութիւններու աշխատակիցը հանդիսացող անձին հետ եւ հաւաքագրուած վերջինիս կողմէ` տեղեկութիւն տրամադրելով Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունի շրջանին մէջ իբրեւ հետախոյզ զինուորութիւն կատարած ատեն գիտցածներուն մասին: Վճարելով 750 տոլար` վերոյիշեալ Սէյրանը տուած է առաջադրանք` իբրեւ պայմանագրային ծառայող ընդունուիլ  պայմանագրային ծառայութեան Մատաղիսի զօրամասերէն մէկուն մէջ եւ այդ զօրամասին մասին տեղեկութիւններ յայտնել համացանցի միջոցով:

Կարինէ Ղումաշեան 2013 թուականին վարձուած է այդ ծառայութիւններու աշխատակիցը հանդիսացող, Արման անունով ներկայացած անձի մը կողմէ: Ստանալով վարձատրութիւն` ընդհանուր շուրջ 1500 տոլարի չափով, ստացած է առաջադրանք` կիրարկելով գաղտնապահութեան կանոններու պահպանման մեթոտները, Հայաստանի տարածքէն չհեռաձայնել Արման անունով ներկայացած անձին եւ այդ ծանօթութեան մասին ոչ մէկուն յայտնել:

Տիանա Գորոյեան կը մեղադրուի անոր համար, որ իր հօրաքրոջ աղջիկը հանդիսացող Կարինէ Ղումաշեանէն տեղեկացած է, որ Թուրքիոյ մէջ գտնուելու ընթացքին ծանօթացած է Արման անունով ներկայացած անձի մը հետ, որ գումար եւ նուէրներ տուած է. ան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Կարինէ Ղումաշեանէն գիտցած է, որ նշեալ անձը կը հանդիսանայ արտասահմանեան հետախուզական ծառայութեան աշխատակից: Գիտակցելով, որ խօսքը նախապատրաստուող պետական դաւաճանութեան մասին է, Տիանա Գորոյեան այդ մասին չէ յայտնած իրաւապահ մարմիններուն:

Ռաֆիկ Պապոյեանին, Կարինէ Ղումաշեանին եւ Սերկէյ Պապոյեանին մեղադրանք առաջադրուած է Քրէական օրէնսգիրքի 299-րդ յօդուածին առաջին մասով, իսկ Տիանա Գորոյեանին` 335-րդ յօդուածի առաջին մասով: Ռաֆիկ Պապոյեան եւ Կարինէ Ղումաշեան կալանաւորուած են, իսկ Սերկէյ Պապոյեանի եւ Տիանա Գորոյեանի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է չհեռանալու վերաբերող ստորագրութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Սապահ» Հրապարակած Է ՔԱԿ-ին Օժանդակող Երկիրներու Ցանկը. Հայաստանը 13-րդն Է

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. Տօներուն Ընթացքին Շփման Գիծին Վրայ Յարաբերական Անդորրը Պահպանուած Է

RelatedPosts

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Այցելած Են  Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանատուն` Գրառում Կատարելով Սգամատեանին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Այցելած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանատուն` Գրառում Կատարելով Սգամատեանին Մէջ

March 5, 2026
Հայ-Իրանական Սահմանը Նորտուզի Անցակէտէն  Փակ Է Քաղաքացիներուն Համար
Հայկական

Հայ-Իրանական Սահմանը Նորտուզի Անցակէտէն Փակ Է Քաղաքացիներուն Համար

March 5, 2026
Միրզոյեան Քալլասի Եւ Պարոյի Հետ  Քննարկած Է Միջին Արեւելքի Իրավիճակը
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Քալլասի Եւ Պարոյի Հետ Քննարկած Է Միջին Արեւելքի Իրավիճակը

March 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.