Երէկ` ուրբաթ, 8 յունուարին, «Ազդակ»-ի «Արմէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց` համակարգչային «Հայապատում» հարց-խաղի հեղինակ Կորիւն Լ. Քէհեայեանի հետ:
Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Հարցազրոյցը առիթ մը եղաւ ծանօթանալու համակարգչային խաղին, որ Կորիւն Քէհեայեանի հեղինակած 2-րդ հարցախաղն է: Առաջինը, որ աւարտած է 2014-ին, կը կոչուի «Հայ ժողովուրդի պատմութիւն»:
Քէհեայեան 1991-ին Երեւանի պետական համալսարանը աւարտելէ ետք, սկսած է հետեւիլ համակարգչային ծրագիրներուն: 2000 թուականին Կիպրոս գտնուած ժամանակ որոշած է պատրաստել հարց-խաղը եւ զայն աւարտել 2015-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Քէհեայեան հարցազրոյցին ընթացքին ներկայացուց «Հայապատում» հարց-խաղը, որ բաղկացած է 5 բաժիններէ, որոնց իւրաքանչիւրը իր կարգին ունի ենթաբաժիններ: Խաղը յարմար է 12 տարեկանէ վեր անհատներու համար: Ունի հայերէն եւ անգլերէն բաժիններ, որոնց իւրաքանչիւրը կը պարունակէ 450 հարցումներ:
Հարցազրոյցի աւարտին Քէհեայեան յայտնեց, որ մէկ տարիէ ի վեր կ՛աշխատի 3-րդ խտասալիկի մը վրայ, որ կը կոչուի «Քաղաքակրթութեան հետքերով», նախատեսուած է 18 տարեկանէն վեր անհատներու համար եւ աւելի հանրագիտարանային բնոյթ ունի, քան հարց-խաղ մը:
Հարցազրոյցին տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ: