Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի անմահներու համաստեղութեան մէջ, հայ ժողովուրդի ազգային զարթօնքի ու ազատագրութեան լոյսը միշտ վառ պահող մեծ ու մշտափայլ աստղերէն է Միքայէլ Նալբանդեան:
Միքայէլ Նալբանդեան ծնաւ հայրենի հողէն հեռու` Նոր Նախիջեւանի մէջ (Տոն գետի եզրին, Ռոստով քաղաքի մօտ), յարկին տակ հայ համեստ պայտագործի մը, որ չորս անգամ ամուսնացած էր եւ Միքայէլ ծնունդն էր չորրորդ կնոջմէ:
Հազիւ երիտասարդ` Միքայէլ Նալբանդեան նետուեցաւ գրական եւ ուսուցչական ասպարէզ եւ իր մտքին ու հոգիին անմար լոյսով ջերմացուց աշխարհացրիւ զաւակները հայ ժողովուրդին: Միայն 37 տարի ապրեցաւ հայոց զարթօնքի եւ ազատագրութեան յառաջապահ պատգամաբերը, որ «Ազատն հայու» իր ներքին կրակը հանուր հայութեան բաշխելու կոչումով` շրջեցաւ աշխարհով մէկ եւ հասաւ հոն, ուր տուն ու տեղ դարձած էին աստանդական թէ թափառական, աքսորական թէ պանդուխտ հայորդիք` գալիք սերունդներուն մէջ սերմանելով երգն ազատութեան.¬
Ազատն Աստուած այն օրից,
Երբ հաճեցաւ շունչ փչել,
Իմ հողանիւթ շինուածքին
Կենդանութիւն պարգեւել.
Ես անբարբառ մի մանուկ
Երկու ձեռքս պարզեցի,
Եւ իմ անզօր թեւերով
Ազատութիւն գրկեցի:
Բառին պարզ, մեկին ու խորագոյն իմաստով ազատութեան հայ երգիչը եղաւ Մ. Նալբանդեան, որ անմահացած իր բանաստեղծութեան` «Երգ ազատութեան» առաջին իսկ տողէն, նոյնինքն Ամենակարողին` Աստուծոյ իսկ համար բնութագրական գտաւ «Ազատ»-ի կոչումը, աստուածային մեծագոյն եւ ամէնէն իրաւ յատկանիշը հռչակելով «Ազատ» ըլլալու իրաւունքն ու արժանաւորութիւնը:
Շուրջ երկու դար է, ահա՛, որ մեր ժողովուրդին իրերայաջորդ սերունդները, ո՛ւր որ ալ ծնունդ առնեն եւ ի՛նչ երկինքի տակ ալ կազմաւորուին, հայրենի ոստաններէն մինչեւ պանդխտութեամբ թէ տարագրութեամբ կազմուած աշխարհասփիւռ հայօճախները, իրենց մանուկ տարիքէն կեանքին ու աշխարհին կը բացուին հայոց զարթօնքին եւ ազատագրութեան մարտունակ պայքարին լծուելու Նալբանդեանի մշտանորոգ պատգամով:
Իրաւամբ «Ազատն հայ»-ը մարմնաւորող ազատութեան ու պայքարի երգիչը եղաւ Միքայէլ Նալբանդեան, որ իր անձին օրինակով ու գործով` յաւերժ օրհնութեան արժանացաւ հայ ժողովուրդի սրտին ու մտքին մէջ:
Մ. Նալբանդեան մանկութեան աշակերտեց Գամառ Քաթիպայի (Ռափայէլ Պատկանեանի) հօր` Գաբրիէլ քահանային, անոր անձնական դպրոցին մէջ, թրծուելով ազատասէր ու ազատախոհ այդ հոգեւորականին խիզախ գաղափարներով: Պատանի տարիքին Միքայէլ Նալբանդեանը վարակած հոգեւորականի կոչումը եւս ներշնչուեցաւ միեւնոյն` առաջի՛ն ուսուցիչէն:
Այնուհետեւ, ինքնազարգացումը եղաւ Մ. Նալբանդեանի կեանքին մղիչ ուժը: 1848-ին, իբրեւ քարտուղար, աշխատանքի կոչուեցաւ Նոր Նախիջեւանի հայոց առաջնորդարանին մէջ` վայելելով օրուան առաջնորդ Մատթէոս արք. Վեհապետեանի ամբողջական հովանաւորութիւնը: Չորս տարի մնաց այդ պաշտօնին վրայ` պատրաստուելով հոգեւորական իր ձեռնադրութեան: Առաջնորդարանի քարտուղարութիւնը նաեւ օգնեց Նալբանդեանի, որպէսզի պաշտօնով այցելութիւններ կատարէ եւ մօտէն ծանօթանայ Ռուսիոյ հայաշատ գաղութներուն:
Բայց յեղափոխական խմորումներու եւ ալեկոծումներու ժամանակաշրջան էր, Նոր Նախիջեւանի հայութեան կեանքը կ՛անցնէր բարեփոխման բուռն պայքարներու բովէն` յատկապէս «Խալիպեան-Վեհապետեան» բեւեռացումով յատկանշուած ներհայկական հակադրութիւնը` պահպանողականներու եւ ազատախոհներու միջեւ, հունաւորեց հետագայ կեանքը Նալբանդեանի:
Խալիպեանը շրջանի քաղաքապետն էր եւ Ներսէս Աշտարակեցի կաթողիկոսին կողմէ վերին պատասխանատու նշանակուած էր հայ եկեղեցապատկան հարստութեանց յանձանձումին: Կարծրատիպ մարդ էր եւ միանձնեայ կը գործէր` մերժելով հաշուետուութիւն կատարել ժողովուրդին, որ սկսած էր բողոքել նման վարքագծի դէմ:
Մատթէոս արքեպիսկոպոս եւ Մ. Նալբանդեան գլխաւորեցին ժողովրդային բողոքի շարժումը: Աշտարակեցի կաթողիկոս Էջմիածին կանչեց Նալբանդեանը` կարգի հրաւիրելու համար, բայց ան արդէն ըմբոստ` փախուստ տուաւ դէպի Ռուսիա, նախ` Ս. Փեթերսպուրկ, ապա` Մոսկուա, ուր Լազարեան ճեմարանի մէջ հայերէնի դասատու դարձաւ: Միաժամանակ ուսանեցաւ իբրեւ ազատ ունկնդիր եւ արեւելագիտութեան մէջ մագիստրոսի աստիճանին տիրացաւ: Մօտէն ծանօթացաւ Ստեփանոս Նազարեանցի հետ եւ անոր աջ բազուկը դարձաւ «Հիւսիսափայլ» հանդէսի հրատարակութեան մէջ:
Աշտարակեցի կաթողիկոս բնաւ չներեց Նալբանդեանին ընթացքը եւ ցարական պետութեան միջամտութեան դիմեց, որպէսզի փախստականը ձերբակալուի եւ բերուի Ս. Էջմիածին: Միայն Ստեփանոս Նազարեանցի ծանօթութեանց եւ միջամտութեանց շնորհիւ Նալբանդեան փրկուեցաւ ձերբակալութենէ, բայց վերջնականապէս փակեց հոգեւորական դառնալու իր կոչման էջը:
Եւ ամբողջապէս նուիրուեցաւ հայ ժողովուրդի ազատութեան երգիչն ու Հայաստանի ազատագրութեան պատգամաբերը դառնալու առաքելութեան.
– Ազատութի՜ւն,- գոչեցի,-
Թող որոտայ իմ գլխին
Փայլակ, կայծակ, հուր, երկաթ,
Թող դաւ դնէ թշնամին,
Ես մինչ ի մահ, կախաղան,
Մինչեւ անարգ մահու սիւն,
Պիտի գոռամ, պիտ՛ կրկնեմ
Անդադար` Ազատութի՜ւն:
Այդպէս սկսաւ Նալբանդեանի գրական, հրապարակախօսական եւ հասարակական գործունէութեան եռուն ու կրակոտ շրջանը: Յանուն ազատութեան եւ ազատախոհութեան` բոցաշունչ պայքար ծաւալեց բոլոր ճակատներուն վրայ` բանաստեղծութեամբ, հրապարակագրութեամբ եւ յեղափոխական կենդանի գործով: Ժողովուրդի ազատ կամքին պաշտպանութիւնը գերխնդիր հռչակեց: Դրօշակիրը դարձաւ արեւելահայ աշխարհաբարի նուաճումին: Անխնայ խարազանեց հայ հոգեւորականութեան անարժան եւ խաւարամիտ ներկայացուցիչները, որոնք սեփական հօտի հոգեմտաւոր դաստիարակութեան եւ ազգային¬հասարակական զարգացման ծառայելու փոխարէն` ստրկամտութեան քարոզիչներ դարձած էին, սեփական բարեկեցութեան ու յղփացումին անձնատուր: Նմանապէս կատաղի հակառակորդը դարձաւ ունեւոր հայերու այն խաւին ու տեսակին, որ սիրամարգի ինքնասիրահարութեամբ կ՛ուզէր պարզապէս հայ իրականութեան մէջ փառաւորուիլ իր հարստութեամբ:
Այդօրինակ հարուստ խեղճութիւններուն կը վերաբերէր իր պատգամը, երբ գրեց`
«Հարուստներին պէտք է խղճալ. նրանք շրջապատուած են բարիքներով, որոնք, սակայն, չեն թափանցում նրանց հոգիների մէջ»:
Այդպէ՛ս, իբրեւ յեղափոխականի` հալածանքը կանուխէն սկսաւ Նալբանդեանի դէմ: Իսկ 1858-ին նաեւ թոքախտի առաջին ախտանշանները յառաջացան: Բուժման համար արտասահման անցաւ. նախ` Պոլիս, ուր մօտէն ծանօթացաւ արեւմտահայ զարթօնքի իր գաղափարակիցներուն` Ստեփան Ոսկանի եւ Յարութիւն Սվաճեանի, որոնց հետ մինչեւ մահ շարունակեց գործակցութիւնը: Ապա անցաւ Եւրոպա, եղաւ Ժընեւ ու Փարիզ, ուր առիթը ունեցաւ անձամբ շփուելու եւ մտերմանալու աքսորական ռուս յեղափոխականներու` Բակունինի եւ Տուրգենեւի հետ:
Վերադարձաւ Մոսկուա, բայց շուտով, 1860-ին դարձեալ ճամբորդութեան ձեռնարկելու եւ Լոնտոնի վրայով Հնդկաստան երթալու համար` հայութեան բաժին հանուած կտակներուն տիրութիւն ընելու նպատակով: Յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ եւ վերադարձաւ Մոսկուա, հոնկէ ալ` Նոր Նախիջեւան, ուր կտակներէն ապահովուած գումարով ձեռնարկեց ազգային Սահակ-Մեսրոպեան վարժարանի կառուցումին:
Հալածանքը սաստկացաւ եւ իր գագաթնակէտին հասաւ Նալբանդեանի դէմ, եւ 1862-ին ան ձերբակալուեցաւ ու երեք տարուան ազատազրկման դատապարտուեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի քաղաքական բանտարկեալներու բերդին մէջ: Առողջական վիճակը լրիւ քայքայուեցաւ, եւ երբ 1865-ին բանտարկութիւնը վերջ գտաւ ու աքսորավայր ղրկուեցաւ, Միքայէլ Նալբանդեան Կամաշին քաղաքը հասաւ «առաւել մեռած, քան կենդանի»…
Եւ 1866-ի մարտ 31-ին յոգնաբեկ իր աչքերը վերջնականապէս փակեց 37-ամեայ «Ազատն Նալբանդեան»: Մարմինը տարուեցաւ Նոր Նախիջեւան եւ ազգային աննախընթաց յուղարկաւորութեամբ իր վերջնական հանգիստը գտաւ տեղւոյն Ս. Խաչ վանքին մէջ:
Միքայէլ Նալբանդեանի ծննդեան 186-րդ տարեդարձին նուիրուած, ազատն հայուն եւ հայոց զարթօնքին ու Ազատագրութեան անմահն պատգամաբերին աւանդով հաղորդուելու առիթ մը թող ըլլայ ընթերցումը անոր հանրածանօթ «Մանկութեան օրեր» բանաստեղծութեան.
«Մանկութեան օրեր»
Մանկութեա՜ն օրեր, երազի նման
Անցաք գնացիք, այլ չէք դառնալու:
Ո՜հ դուք երջանիկ, ո՜հ անհոգ օրեր,
Ընդունակ միայն ուրախացնելու:
Ձեզանից յետոյ եկաւ գիտութիւն
Իւր ծանր հայեացքով աշխարհի վերայ,
Ամէն բան ընկաւ մտածութեան տակ,
Ռոպէ չմնաց ազատ կամ ունայն:
Գիտակցութիւնը յաջորդեց սորան,
Ազգի վիճակը ծանրացաւ սրտիս…
Ապոլլոն տուեց ինձ իւր քնարը,
Որպէս փարատիչ տրտում ցաւերիս:
Աւա՜ղ, այդ քնարը իմ ձեռքում հնչեց
Նոյնպէս լալագին, նոյնպէս վշտահար,
Ինչպէս իմ սիրտն էր, իմ զգացմունքը,
Ուրախացուցիչ չգտայ մի լար:
Ես այն ժամանակ միայն զգացի,
Որ այդ ցաւերից ազատուելու չեմ,
Որչափ իմ ազգս կը մնայ ստրուկ
Օտարների ձեռք, անխօս, տխրադէմ:
Մանկութեա՜ն օրեր, ինչո՛ւ այդպէս շուտ
Թռաք գնացիք, անդարձ յաւիտեան.
Ես այն ժամանակ անհոգ ու ազատ
Կարծում էի ինձ աշխարհի իշխան:
Գերութեան շղթան ինձ զգալի չէր,
Եւ ոչ բռնութեան անգութ ճանկերը:
Ձեզանից յետոյ ծանրացան նոքա,
Ո՛հ, անիծում եմ ես այս օրերը:
Լո՛ւռ կաց, դու քնար, այլ մի՛ հնչեր ինձ,
Ապոլլոն, յե՛տ առ դարձեալ դու նորան,
Տո՛ւր մի այլ մարդու, որ ընդունակ է
Զոհ բերել կեանքը սիրած աղջկան:
Ես պիտի դուրս գամ դէպ հրապարակ
Առանց քնարի, անզարդ խօսքերով:
Ես պիտի գոչեմ, պիտի բողոքեմ,
Խաւարի ընդդէմ պատերազմելով:
Ներկայ օրերում այլ ի՛նչ սեւ քնար,
Սուր է հարկաւոր կտրիճի ձեռքին,
Արի՛ւն ու կրա՛կ թշնամու վերայ,
Այս պիտի լինի խորհուրդ մեր կեանքին:
Թո՛ղ պատգամախօսը, հնացած Դելֆի,
Իւր եռոտանու վերայ փրփրի:
Թո՛ղ միջին դարու գաղափարներով
Ամբոխը խաբել ճգնի աշխատի:
Թո՛ղ նա թարգմանէ զրպարտութիւնը,
Թո՛ղ մխիթարուի ծովի ափերում,
Մենք ազատութեան ենք միայն թարգման,
Միայն այս խօսքս ունինք բերանում:
«Ո՛վ հայր, ո՛վ դու հայր, որ երկնքումն ես,
Խնայիր թշուառ մեր անտէր ազգին,
Մի՛ տար զոհ գնալ թշնամիների»:
Նա այլ չէ լսում դելֆեան հարցուկին:
Եթէ արեւմտահայերէնով գրուող Միքայէլ Նալպանտեանը «Միքայէլ Նալբանդեան» պիտի գրենք, ուրեմն այս գրութեան հեղինակին անունը Բէրբէրեան պէտք էր գրել: Արեւելահայերէնը դժբախտաբար յաճախ կը սպրդի արեւմտահայերէն լեզուով լոյս տեսնող այս օրկանին մէջ: