Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը Ռէալ Մատրիտ պիտի մրցի Ռէալ Սոսիետատի դէմ:
Ըստ «Մարքա»-ի փոխանցած տեղեկութիւններուն, արքայական ակումբին` Ռէալ Մատրիտի ֆութպոլիստներ Սերճիօ Ռամոս եւ Թոնի Քրուս պիտի բացակային այս մրցումէն` նկատի ունենալով, որ նախորդ շաբաթավերջին անոնք իրենց խմբակիցներուն հետ իրենց կատարած փորձերը կիսատ ձգեցին:
Նշենք, որ գերմանացին կը շարունակէ ապաքինիլ իր ստացած վնասուածքէն, մինչ Ռամոս մկանային խնդիրներ ունի: