«Տը Սանտէյ Թայմզ»-ի համաձայն, Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես պայմանագրութիւն մը առաջարկած է ակումբին նախկին մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյին:
Արքայական ակումբը կ՛ուզէ, որ փորթուգալցին անմիջապէս ստանձնէ մարզիչի պաշտօնը` նկատի ունենալով, որ Ռէալի պատասխանատուները իրենց վստահութիւնը կորսնցուցած են մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթեսի նկատմամբ:
Սակայն Մուրինիօ չ՛ուզեր վերադառնալ Մատրիտ, որովհետեւ կ՛ուզէ Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչը ըլլալ:
52 տարեկան Մուրինիօ կ՛ուզէ մնալ Անգլիոյ մէջ, ուր բնակութիւն հաստատած է անոր ընտանիքը: