Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան «Փրեմիեր լիկ»-ի 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 8 մրցումներ:
Արսենալ, որ հիւրընկալեց Պուրնըմաութը, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ժամանակաւորապէս գրաւեց պարագլուխի դիրքը` կէտի մը առաւելութիւն ունենալով Լայսթըրի վրայ:
«Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ տեղի ունեցած մրցումը` Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Չելսիի միջեւ, աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով` ներկայութեամբ աւելի քան 75 հազար համակիրներու:
Կոլերով հարուստ մրցումէ մը ետք աւարտեցաւ Էվըրթըն – Սթոք Սիթի մրցումը` ի նպաստ երկրորդին, 4-3 արդիւնքով:
Սթոք իր յաղթանակի կոլը նշանակեց մրցումին վերջին վայրկեանին` փենալթիով:
Վերջին դիրքին վրայ գտնուող Ասթոն Վիլա, որ ցարդ մէկ յաղթանակ արձանագրած է, 2-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Նորուիչէն:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Քրիսթալ Փալաս – Սուանզի | 0-0 |
Էվըրթըն – Սթոք Սիթի | 3-4 |
Նորուիչ – Ասթոն Վիլա | 2-0 |
Ուաթֆորտ – Թոթենհամ | 1-2 |
Ուեսթ Պրոմուիչ – Նիւքասըլ | 1-0 |
Արսենալ – Պուրնըմաութ | 2-0 |
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Չելսի | 0-0 |
Ուեսթ Համ – Սաութհեմփթըն | 2-1 |
Այսօր` երեքշաբթի, 29 դեկտեմբերին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 21:45-ին, տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին Լայսթըր Սիթի պիտի հիւրընկալէ Մանչեսթըր Սիթին: