
«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի Համայնքային բարգաւաճման ծրագիրի տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպեց մանուկներու յատուկ Ամանորի ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 26 դեկտեմբեր 2015-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Շուրջ 200 փոքրիկներ իրենց ծնողներուն հետ հաւաքուած էին` մասնակցելու համար «Կաղանդ պապուկ»-ի ձեռնարկին:
Հաւաքական ճիգերով պատրաստուած այս տօնակատարութիւնը լաւապէս կ՛արտացոլէր Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերու շրջանին մէջ գործող տիկնանց յանձնախումբին կամաւոր աշխատանքն ու նուիրումը:
Զարուկ Իլանճեան տիկնանց յանձնախումբին անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն եւ յատկապէս Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որոնց օժանդակութեամբ կարելի եղաւ իրականացնել այս ձեռնարկը:
Գեղարուեստական յայտագիրի բաժինին մէջ, օրուան մթնոլորտը ճոխացուց «Ուրախ տարեդարձ» խումբը, որ խաղերով եւ երգ ու պարով ստեղծեց մանուկներուն հաճելի պահեր, որոնք միեւնոյն ատեն դաստիարակիչ էին, եւ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան փոքրերուն ամբողջ աշխարհի տարածքին Նոր տարի տօնելու տարբեր ձեւերուն մասին:
Ձեռնարկին աւարտին Կաղանդ պապուկին գալուստը եւ նուէրներուն բաշխումը տօնակատարութիւնը հասցուց խանդավառութեան գագաթնակէտին եւ փոքրիկները ուրախ մեկնեցան Կաղանդի իրենց վերապահուած նուէրները ստանալէ ետք:


