
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ յայտարարած է, որ Ազրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութիւններէն պիտի չհրաժարի:
«Ես Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն յաջորդ հանդիպումին մասին տեղեկութիւն չունիմ: Այդ մասին ես իմացած եմ մամուլէն: Կրնամ հաստատել, որ Ազրպէյճան պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու», ըսած է ան:
Ըստ անոր, այսօրուան դրութեամբ խաղաղ հոլովոյթին մէջ շատ բան կատարուած է: «Չեմ ուզեր, որ որեւէ մէկը քարոզչութեամբ զբաղի` ըսելով, որ Ազրպէյճան կը հրաժարի բանակցային հոլովոյթէն: Տագնապին լուծումը պէտք է տեղի ունենայ փուլային հիմքի վրայ` Մատրիտեան սկզբունքներուն հիման վրայ», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:
Մամետեարով նաեւ համոզում յայտնած է, որ պիտի գայ ժամանակը, երբ հայկական զօրքերը դուրս պիտի բերուին «Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներէն»:


