Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներթափանցման Փորձի Ատեն Ազրպէյճանական Կողմէն 5 Մահ Արձանագրուած Է

December 19, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Karabagh_Azerbaijan_121815

17-18 դեկտեմբերի լուսցող գիշերը Ղարաբաղ – Ազրպէյճան զօրքերու հանդիպման գիծի տարբեր հատուածներուն մէջ հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած են հետախուզական-ներթափանցման գործողութիւններ, որոնք` հանդիպելով հայկական կողմի կուռ պաշտպանութեան, ձախողած են, եւ նախայարձակ հակառակորդը կորուստներ կրելով նահանջած է:

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ, ըստ բանակի համապատասխան ծառայութիւններուն կողմէ ձեռք բերուած հաւաստի տուեալներու, աւելի ուշ յայտնի դարձած է, որ միայն Թալիշի ուղղութեամբ ազրպէյճանական կողմը տուած է առնուազն 3 սպաննուած եւ վիրաւորներ, որոնցմէ մէկը` մահամերձ վիճակի մէջ: Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան նոյն աղբիւրներուն, ազրպէյճանական բանակը կորուստներ կրած է նաեւ հարաւային ուղղութեամբ` տալով 2 սպաննուած եւ վիրաւորներ:

«Պաշտպանութեան բանակի պատժիչ գործողութիւններէն սարսափած հակառակորդը հիւսիսարեւելեան (Թալիշ) ուղղութեամբ ժամը 15:40-ի սահմաններուն, հրետանի օգտագործած է: Պաշտպանութեան բանակի  յառաջապահ զօրամասերը վստահօրէն կ՛իրականացնեն զինուորական  հերթապահութիւն եւ պատրաստ են ջախջախիչ հարուած հասցնել որեւէ սադրանքի», նշուած է պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Ցաւօք, տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին արիաբար նահատակուած են Աղասի Գրիգորեան (1996-ի ծնունդ) եւ Ռուբէն  Ալեքսանեան (1996-ի ծնունդ): 17 դեկտեմբերին` ժամը շուրջ 21:30-ին, բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, տակաւին անյայտ հանգամանքներու մէջ մահացու աստիճանի վիրաւորուած է բանակի պայմանագրային զինուոր, 1992-ի ծնունդ Գոռ Օհանեան:

Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինուորներուն ընտանիքներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Հակառակորդին սադրիչ քայլերը անհետեւանք պիտի չմնան: Պատասխանը պիտի ըլլայ ցաւոտ եւ անդառնալի կորուստներով լի:

 

 

Նախորդը

Նալբանդեան. «Պաքուն Պատրանք Ունի, Թէ Կրնայ Բանակցիլ Զէնքի Ուժով»

Յաջորդը

Բագրատունի Մասնակցեցաւ Ընտրական Յանձնախումբի Նիստին

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.