17 դեկտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին նկատել տուած է, որ` «Ազրպէյճանը կը շիկացնէ մթնոլորտը ոչ միայն շփման գիծին, այլեւ դիւանագիտական ճակատին վրայ»:
Ան նշած է, որ դիւանագիտութեան մարզին մէջ պաշտօնական Պաքուն փաստօրէն կը խեղաթիւրէ բանակցային հոլովոյթը եւ կը խախտէ միջազգային իրաւունքը: «Ազրպէյճանի դիրքորոշումը` թէ՛ ուժային, թէ՛ դիւանագիտական մարզերուն մէջ, նոյնն են: Ի սկզբանէ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հարցին մէջ Ազրպէյճանը կը կիրարկէր ուժային քաղաքականութիւն, որմէ մինչեւ այսօր չէ հրաժարած: Եւ յատկապէս այս փաստէն մեկնելով ալ անկարելի է որեւէ յառաջխաղացք ակնկալել ղարաբաղեան հարցի լուծման հոլովոյթին մէջ», ըսած է Քոչարեան:
Փոխնախարարին համաձայն, ժամանակի ընթացքին միջազգային ընտանիքին մօտ պիտի հասուննայ այն գիտակցութիւնը, որ միակ ելքը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչումն է:
Մեկնաբանելով այն հանգամանքը, որ վերջերս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները աւելի հասցէագրուած կ՛արտայայտեն իրենց դիրքորոշումները` Շաւարշ Քոչարեան ըսած է. «Իմ կարծիքովս, ասիկա տակաւին սկիզբն է: Համանախագահները միշտ կը ձգտին հաւասարակշռութիւն պահպանել, սակայն արդէն ակնյայտ է, որ յառաջխաղացք կայ: Վստահաբար ատիկա բաւական չէ, բայց եւ անպէս փոփոխութիւններ կան»: