Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա. «Լեռնային Ղարաբաղի Վերաբերեալ Յայտարարութիւնները Ապակառուցողական Են»

Դեկտեմբեր 16, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

moscow_121515

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Թուրքիոյ յայտարարութիւնները «ապակառուցողական» են` նկատի ունենալով Անգարայի կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիան ամէն ինչ պիտի ընէ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանին վերադարձնելու համար:

«ԵԱՀԿ-ի մէջ այդպիսի դիրքորոշումին չեն աջակցիր: Կայ խիստ գիտակցում, որ երեք համանախագահները` Ռուսիան, Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները, կը կրեն հիմնական բեռը, ճիշդ ինչպէս Մինսքի խմբակի անդամները` իբրեւ այդպիսին` հաւասարապէս: Սակայն յառաջատար դերը վերապահուած է երեք համանախագահներուն: Ուստի, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերէն մէկը պաշտպանելու փորձերը ապակառուցողական են եւ որեւէ շարունակութիւն չեն կրնար ունենալ», ըսած է Լուքաշեւիչ` ընդառաջելով Անգարայի յայտարարութիւնները մեկնաբանելու խնդրանքին:

ԹԱՍՍ իր կարգին կը հաղորդէ, որ Լուքաշեւիչ աւելցուցած է նաեւ, որ դեկտեմբերին նախատեսուած Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումը «կառուցողական ներդրում պիտի ունենայ լարուածութեան թուլացման գործին մէջ»:

Լուքաշեւիչի յայտարարութեան արձագանգած են նաեւ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները. Haqqin.az կայքը կը նկատէ, որ ասիկա Ռուսիոյ կողմէ մեղադրանք է Թուրքիոյ` Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Ազրպէյճանին սատարելու համար:

Նախորդը

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն Երկու Կողմերուն Յանձնած Է Անյայտ Կորսուածներուն Ցանկը

Յաջորդը

«Նոյն Փոսին Վրայ Անընդհատ Սայթաքիլը Անիմաստ Է» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

RelatedPosts

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին

Հոկտեմբեր 13, 2025
Պաքուի Դատարանին Մէջ «Հայաստանի Կողմէ Վարձկաններ Ներգրաւելու Փաստաթուղթեր» Հրապարակուած Են
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Դատարանին Մէջ «Հայաստանի Կողմէ Վարձկաններ Ներգրաւելու Փաստաթուղթեր» Հրապարակուած Են

Հոկտեմբեր 10, 2025
Օքամփօ. «ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբը  Պէտք Է Անվաւեր Ճանչնայ Ռուբէն Վարդանեանի Վերաբերեալ Իր Կարծիքը` Նախագահողի Ազրպէյճանի Հետ Ունեցած Կապերուն Պատճառով»
Գլխաւոր լուրեր

Օքամփօ. «ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբը Պէտք Է Անվաւեր Ճանչնայ Ռուբէն Վարդանեանի Վերաբերեալ Իր Կարծիքը` Նախագահողի Ազրպէյճանի Հետ Ունեցած Կապերուն Պատճառով»

Հոկտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?