Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 12 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Շեպիպեթ Մազրաան:
Հազիւ մրցումը սկսած եւ առաջին իսկ վայրկեանին, դէպի ՀՄԸՄ-ի բերդը ուղղուած գնդակը դպաւ ՀՄԸՄ-ի բերդին ուղղահայեաց սիւնին վերի բաժինին:
Հակառակ ասոր սակայն, ՀՄԸՄ հետզհետէ սկսաւ ստանձնել մրցումին ղեկը եւ կոլի քանի մը առիթ ստեղծել, մինչ մրցակից կազմը կը փորձէր ժամանակ անցընել` կարծելով, որ մրցումը պիտի աւարտի հաւասարութեամբ:
Թէեւ Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, սակայն Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ աւելի սաստկացուց իր յարձակումները:
78-րդ վայրկեանին, ձախ կողմէն սքանչելի սլացք մը կատարելով, Քրիսթիան Թիմունեան յառաջանալով դէպի Մազրաայի բերդը, նշանակեց սքանչելի կոլ մը:
Սակայն ՀՄԸՄ կը կազմակերպէր աւելի վտանգաւոր առիթներ:
Քանի մը ստոյգ առիթներ կոլի վերածել չկարենալէ ետք, Յակոբ Տօնապետեան 92-րդ վայրկեանին արդիւնքը բարձրացուց երկուքի` սքանչելի փոխանցում մը ստանալով Քրիսթիան Թիմունեանէն, որ աջ կողմէն սրընթաց դէպի բերդ ուղղուելով գնդակը հարուածեց դէպի Մազրաայի պզտիկ քառակուսին, ուր գնդակին կը սպասէր Յակոբ Տօնապետեան:
Այսպիսով, մրցումը աւարտեցաւ 2-0 արդիւնքով` ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի:
Թէեւ ՀՄԸՄ արձանագրեց տարեշրջանի իր 5-րդ յաղթանակը` ապահովելով իր 17-րդ կէտը, սակայն շաբաթ օրուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտին վրայ ընդհանրապէս ջղային էին եւ ասոր իբրեւ հետեւանք ստացան շարք մը դեղին քարտեր:
Նշենք, որ 60-րդ վայրկեանին օրուան իրաւարարը կրնար դաշտէն վտարել իւրաքանչիւր կազմէն մէկական մարզիկ, երբ տեղի ունեցաւ փոքր հարց մը, որուն իբրեւ արդիւնք ՀՄԸՄ-էն Ալի Ռիֆահի կրնար կարմիր քարտ մը ստանալ:
Ստացուած իւրաքանչիւր դեղին քարտ յառաջիկայի մրցումներուն գծով կրնայ սուղ արժել խումբին, եւ մարզիկները կրնան բացակայիլ կարեւոր մրցումներէ:
Նշենք, որ թէեւ երթի մրցումներուն աւարտին մնացած է 2 հանգրուան, սակայն ՀՄԸՄ կատարեց երթը իր վերջին մրցումը` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ: