Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօրակցական Հաւաք «Մանար» Պատկերասփիւռի Կայանին

December 11, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

manar_support_121015

«Արապսաթ» ընկերութեան կողմէ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին սփռումը կասեցնելու որոշումը դատապարտելու եւ «Մանար»-ին զօրակցութիւն յայտնելու նպատակով երէկ «Քորալ Պիչ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, դիւանագէտներ, լսատեսողական լրատուամիջոցներու տնօրէններ, տարբեր օրաթերթերու խմբագրապետներ եւ լրագրողներ:

«Մանար»-ի ընդհանուր տնօրէն Իպրահիմ Ֆարհաթ շնորհակալութիւն յայտնեց «Մանար»-ի բոլոր զօրակցողներուն:

Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժի ներկայացուցիչ, նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Հասսան Ֆալհա շեշտեց, որ «Արապսաթ»-ի կողմէ «Մանար» կայանին սփռումը արգիլելու քայլը համազօր է Լիբանանի դէմ գործուած ոտնձգութեան:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի շնորհաւորեց «Մանար» եւ «Մայատին» կայանները, որոնք կը պաշտպանեն գերիշխանութիւնն ու արժանապատուութիւնը:

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի շեշտեց, որ «Արապսաթ»-ի որոշումը անարդար է` շեշտելով, որ «Մանար» պիտի մնայ աշխարհի ազատականներուն պատկերասփիւռի կայանը:

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան
Պլոքի Ընթացիկ Նիստ

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ նախագահեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին ողջոյնի արժանացաւ Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ առեւանգուած 16 բանակայիններուն տունդարձը` յոյս յայտնելով, որ մնացեալ ինը բանակայինները եւս ազատ արձակուին:

Հըզպալլայի պլոքը ընդգծեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով ի գործ դրուող ջանքերուն կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, անդրադառնալով «Արապսաթ» ընկերութեան կողմէ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանի սփռումը կասեցնելու որոշումին, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը ընդգծեց, որ «Արապսաթ»-ի կողմէ տրուած այդ որոշումը քաղաքական որոշում է եւ ոտնձգութիւն կը նկատուի:

Նախորդը

Մաշնուք Իտալիոյ Մէջ Հաստատեց Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարին Մէջ Լիբանանի Փորձառութիւնը

Յաջորդը

Պըրրի Ստացաւ Սէուտական Արաբիա Այցելութեան Պաշտօնական Հրաւէր Մը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.