Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ Հռոմի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Փաուլօ Ճանթիլոնիի հետ:
Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ապահովական մարզին մէջ երկու պետութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ Լիբանան ապահովական մարզին առումով գործակցութեան եւ արդի սարքերու օգտագործման կարիքը ունի, սակայն պէտք է հաստատել նաեւ, որ ան ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղութեան դէմ պայքարին մէջ լուրջ փորձառութիւն ունի:
Մաշնուք Լիբանանի կառավարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ` Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար: